ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՄՈՒԼԸ

Երէկ երեկոյեան, Պողազիչի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրամասնութիւններու մամուլին վերաբերեալ ասուլիս մը։ Համալսարանի գրականութեան ակումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը զուգադիպեցաւ 3 Մայիսի՝ Համաշխարհային մամլոյ ազատութեան օրուան։ Եւրոմիութեան կողմէ հովանաւորուած եւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու կեանքին ու լայն հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու խրախուսման ուղղեալ YANYANA ծրագրին զուգահեռ նախատեսուած հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը։ «Yayın Yönetmenleriyle Öteki Basın, Dün ve Bugün» խորագրեալ ասուլիսը վարեց Պուրճու Քարաքաշ, որ ընդգծեց, թէ լրատուութիւնը կարիք մըն է, իբր այդ կը ներկայացնէ մեծ արժէք, սակայն դժբախտաբար Թուրքիոյ մէջ մամլոյ կացութիւնը կը վատթարանայ՝ հակառակ, որ այդ կարիքը դիմագրաւելիք հիմնական միջոցն է։

Հաւաքոյթի ատենախօսներն էին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, յոյն համայնքի «Ափոյեւմաթինի» թերթի խմբագիր Միխայիլ Վասիլիատիս եւ հրեայ համայնքի «Շալոմ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Իվօ Մոլինաս։

Հաւաքոյթի ընթացքին Արա Գօչունեան խօսեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գործունէութեան եւ ընդհանրապէս հայ մամուլին մասին։ Ան բացատրեց, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը հաւատարիմ կը մնայ իր առաքելութեան՝ որպէս լրատուամիջոց, սակայն իր ուրոյն դիմագիծին բերումով առաքելութիւնը կը ստանայ նոր երանգներ։ Թերթը լոյս կը տեսնէ արեւմտահայերէնով եւ անոր արտադրուած լեզուի գործադրութեան հիմնական միջավայրերէն մին կը հանդիսանայ։ Լեզուի առընթեր, իր գոյատեւած ժամանակաշրջանն ալ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը ինքնաբերաբար առընչակից կը դարձնէ յիշողութեան վերաբերեալ հարցերուն։ Թերթը լայն հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու տեսա

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018