BBC ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՎԵՑ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆ

Անգլիական BBC-ն ուշագրաւ եւ իսկապէս հետաքրքրական նիւթ մը ներկայացուց Հայաստանի մասին։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնն ալ արձագանգ հանդիսացաւ BBC-ի նիւթին, ուր ներկայացուեցաւ Հայաստանի մասին վեց առանձնայատկութիւն։

Որպէս առաջին փաստ նշուած է, որ Հայաստանէ դուրս ապրող հայերու թիւը շատ աւելի է, երկրէ ներս բնակողներու բաղդատմամբ։ Արդարեւ, Հայաստանի բնակչութիւնը շուրջ 3 միլիոն է, սակայն արտասահմանի մէջ կը բնակի եւս քանի մը միլիոն հայ։ Մեծ համայնքներ գոյութիւն ունին Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ։ Հայերը վերջերս կ՚երթան Ռուսաստան, որովհետեւ մօտ է եւ կը խօսին ռուսերէն։

Երկրորդ հանգամանքն է՝ Արարատ լերան ազգային խորհրդանշան ըլլալը։ Հակառակ անոր, որ Արարատ լեռը կը գտնուի Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ, ան իր ձիւնածածկ գագաթով կ՚երեւի մայրաքաղաք Երեւանի հորիզոնին։ Աստուածաշունչի մէջ Արարատ լեռը նշուած է՝ որպէս վայր մը, ուր ջրհեղեղէն վերջ կանգ առած է Նոյեան տապանը։

Իբրեւ երրորդ փաստ BBC մատնանշած է, որ Հայաստան կը մարմնաւորէ աշխարհի ամենահին քրիստոնէական քաղաքակրթութիւններէն մին։ Չորրորդ դարու սկիզբին Հայաստան քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս ընդունեց որպէս պետական կրօն։ Հայ Եկեղեցին ալ բացարձակապէս ինքնավար է քրիստոնէական միւս եկեղեցիներու ընտանիքին մէջ։

BBC-ի կողմէ առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ երեւոյթներէն մին է, որ ճատրակի ուսուցումը պարտադիր է Հայաստանի մէջ։ 2011 թուականէն ի վեր Հայաստանի մէջ տղաքը պարտադիր ճատրակի դաս ունին։ Երկիրը ծնունդ տուած է բազմաթիւ մեծ վարպետներու եւ ներկայիս ան ունի դպրոցներէ ներս որակաւորման տէր աւելի քան 3 հազար ճատրակի ուսուցիչ։

Հինգերորդ հանգամանքը, որ նշուած է BBC-ի կողմէ, հայկական քոնիաքն է։ Հայաստան կը հպարտանայ իր քոնիաքով։ Բ. Աշխարհամարտի ժամանակ Խորհրդային Միութեան ղեկավար Սթալին Անգլիոյ վարչապետ Չըրչիլին որպէս նուէր ուղարկած է հայկական քոնիաք՝ քանի մը տասնեակ անգամ։ Շատ տարիներ անց՝ 2013 թուականին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Անգլիոյ նախկին վարչապետ Տէյվիտ Քեմըրընին նուիրեց հայկական շիշ մը քոնիաք՝ վերյիշելով այդ պատմութիւնը։

Որպէս վեցերորդ առանձնայատկութիւն՝  BBC մատնանշած է, որ աշխարհի վրայ շատ յայտնի մարդիկ ունին հայկական արմատներ։ Անգլիական հեղինակաւոր լրատուամիջոցը այս շարքին մէջ թուարկած է Շարլ Ազնաւուրը, Կերի Գասպարովը, Շերը եւ Քիմ Քարտաշեանը։

BBC Հայաստանի վերաբերեալ այս նիւթին ածանցած է նաեւ հետաքրքրական լուսանկարներ, որոնք խօսուն դրուագներ կը ներկայացնեն Հայաստանի կեանքէն։ Անոնցմէ մին կը ցոլացնէ Երեւանի վրայ թռիչք առած օդապարիկ մը, միւսը՝ Արարատ լեռը, մէկ ուրիշը՝ եկեղեցւոյ մէջ խումբ մը հաւատացեալներու մոմավառութիւնը։ Կան նաեւ լուսանկարներ՝ ուր կ՚երեւին քոնիաքի տակառներ, բացօթեայ ճատրակ խաղացող տարեցներ եւ Քիմ Քարտաշեանը՝ Երեւան այցելութեան օրերուն տարեց մամիկի մը հետ։

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018