ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցերով աշխատանքային խումբի անդրանիկ ժողովը։ Հայաստանի կառավարութենէն ներս տեղի ունեցաւ այս նիստը՝ գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։ Անդրանիկ նիստի սկիզբին Վեհափառ Հայրապետն ու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկան ելոյթներով։

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց անդրանիկ նիստի մասնակիցները եւ գոհունակութիւն յայտնեց անոր գումարման բերումով։ «Հայրենի պետութեան եւ մեր եկեղեցւոյ յարաբերութիւններու կանոնակարգման այս նոր ձեւաչափը բարեպատեհ հնարաւորութիւն է քննարկելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերը եւ փնտռելու անոնց համար լուծման ուղիներ՝ ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման՝ յանուն մեր երկրի եւ ժողովուրդի», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը ժողովի սկիզբին։

Եկեղեցի-պետութիւն համագործակցութեան պատմական խոր արմատներուն եւ դրական երեւոյթներուն կապակցութեամբ բազում օրինակներ մէջբերելէ վերջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ անկախութեան անցեալ տարիներուն նշանակալի քայլեր կատարուած են Հայաստանի պետութեան եւ եկեղեցւոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Այդուհանդերձ առկայ են լուծման կարօտ կարեւոր խնդիրներ։ Ան յոյս յայտնեց, թէ այս աշխատանքային խումբի շրջանակներէն ներս պիտի գտնուին արդիւնաւէտ լուծումներ ազգային կեանքէ ներս եկեղեցւոյ առաքելութեան անխոչընդոտ իրականացման համար։ Ըստ Վեհափառ Հայրապետին, քննարկումներու ընթացքին նկատի պիտի առնուին ելակէտային որոշ իրողութիւններ ու դիտարկումներ։ Ան շարունակեց.

«Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը ճանչցուի որպէս ազգային եկեղեցի՝ հաշուի առնելով անոր բացառիկ առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Միեւնոյն ժամանակ Սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած է կրօնական կազմակերպութիւններու գործունէութեան ազատութիւնը։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առանձնայատուկ կարգավիճակի տրամադրումը երբեմն միտումնաւոր կը ներկայացուի որպէս խտրականութեան դրսեւորում, ինչ որ միանշանակ կողմնակալ գնահատական մըն է եւ չի ներդաշնակուիր միջազգային փորձառութեան եւ ընդունուած չափանիշներու հետ։ Զանազան երկիրներու, ներառեալ նաեւ շարք մը եւրոպական պետութիւններու կրօնական օրէնսդրութիւններու ուսումնասիրութիւնը եւ փորձառութիւնը կը փաստեն, որ տուեալ երկրի ու ժողովուրդի պատմութեան մէջ մեծ դեր ունեցած կրօնական հաստատութեան առանձնայատուկ կարգավիճակը որեւէ ձեւով չ՚ենթադրեր խտրականութիւն կրօնական կազմակերպութիւններու նկատմամբ։

«Կրօնական կազմակերպութիւններու՝ պետութենէն անջատուածութեան սահմանադրական հիմնադրոյթը երբեմն թիւրըմբռնմամբ կ՚ընկալուի Հայոց Եկեղեցւոյ պատմականօրէն նուիրագործուած առաքելութիւնը սահմանափակելու իմաստով։ Այս կողմնորոշումը կը փորձուի հիմնաւորել վկայակոչելով պետութեան աշխարհիկութեան սկզբունքը, մինչդեռ պետութեան հասկացութիւնը չի կրեր հակաեկեղեցական կամ հակակրօնական տարր եւ չի բացառեր պետութեան եւ եկեղեցւոյ գործակցութիւնը ու չի խոչընդոտեր անոր իրականացման կեանքի զանազան ոլորտներու մէջ, առաւել եւս՝ քրիստոնէական հարուստ ժառանգութիւն եւ հնագոյն աւանդութիւն ու անցեալ ունեցող Հայաստանի մէջ»։

Նորին Սրբութիւնը եկեղեցական հիմնահարցերու օրէնսդրական կարգաւորումներուն մէջ կարեւորեց պետութեան զօրակցութիւնը, որպէսզի եկեղեցին կարողանայ վերականգնել անհրաժեշտ պայմաններն ու հնարաւորութիւնները իր առաքելութեան համար թէ՛ Հայաստանէ ներս եւ թէ սփիւռքի մէջ։

«Աշխատանքային այս խումբի գործունէութեան հետ կապուած են դրական սպասումներ թէ՛ հոգեւորականութեան եւ թէ հաւատաւոր մեր ժողովուրդի շրջանակներէն ներս։ Վստահ ենք, թէ եկեղեցի-պետութիւն գործակցութեան ընդլայնումը պիտի նպաստէ մեր ժողովուրդի ապագային եւ հոգեւոր կեանքի զօրացման, գիտակից եւ օրինապահ քաղաքացիի ձեւաւորման, ընտանիքներու ամրութեան, եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ պետութեան հզօրութեան։ Մեր աղօթքն է, որ Տէրը խաղաղ երկինքի ներքեւ բարութիւն եւ բարգաւաճում պարգեւէ հայրենի մեր երկրին եւ արդիւնաւորէ մեր ժողովուրդի եւ հայրենի իշխանութիւններու բոլոր ջանքերը՝ յանուն մեր հայրենիքի, մեր ազգային կեանքի յառաջընթացի եւ շէն ու պայծառ գալիքի», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը անդրանիկ նիստի ընթացքին։

Իր կարգին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ուրախութիւն յայտնեց հանդիպման համար եւ կարեւոր նշանակութիւն վերագրեց անոր։ «Վեհափառ Հայրապետի հետ քննարկումներու արդիւնքին մենք հասանք այն եզրակացութեան, թէ անհրաժեշտ է ստեղծել աշխատանքային խումբ մը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցերով զբաղելու համար, որպէսզի ունենանք մշտական գործող աշխատանքային ձեւաչափ մը, որպէսզի գոյացող հարցերը քննարկուին եւ լուծումներ ստանան։ Ընդ որում, այդ լուծումները փափաքելի է, որ ըլլան ո՛չ թէ հատուածական եւ այսրոպէական, այլ ընդհանրապէս էնսթիթիւսիոնէլ եւ երկարաժամկէտ։ Այս առումով, կը կարծեմ, թէ չափազանց կարեւոր է, որ այս քննարկումներու համատեսքով համադրենք եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու մեր պատկերացումները այն նոր իրավիճակի համատեսքին մէջ, որ այսօր գոյութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։ Ի հարկէ, կարիք չկայ ըսելու, թէ մեզի համար ինչպիսի մեծ կարեւորութիւն եւ դերակատարութիւն ունի Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ նորաստեղծ աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը արդիւնաւէտ դարձնելու համար կարեւոր է հարցերու խորքային քննարկումը՝ հասկնալու զանոնք իրենց ամբողջութեան մէջ։ Նիկոլ Փաշինեան օրակարգային խնդիրներու շարքին առանձնացուց Հայաստանի դպրոցներէն ներս դասաւանդուող Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան առարկան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատկանող կալուածներու վերաբերեալ խնդիրներուն, Եկեղեցւոյ տրազերծ ըլլալու կարգավիճակին եւ այլն։

«Արձանագրելով, որ կը պայմանաւորուինք անկաշկանդ բոլոր հարցերը քննարկել փաստարկներու դաշտի մէջ՝ դարձեալ կ՚ուզեմ ընդգծել, որ ինծի համար կարեւոր է ո՛չ միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դերակատարումը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ ընդհանրապէս հայութեան շրջանակէն ներս, այլեւ ինծի համար շատ կարեւոր է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քրիստոնէական արժէքներու արմատաւորումը», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ սա շատ կարեւոր հանգրուան մըն է, որովհետեւ իսկապէս հարցերուն պէտք է կառուցուածքային, կառուցակարգային լուծումներ տրուին, որպէսզի իւրաքանչիւր հարց ունենայ իր յատուկ պատասխանը, իւրաքանչիւր որոշում ունենայ իր յստակ բացատրութիւնը՝ առանց մութ անկիւններու։ Ուստի, վարչապետ Փաշինեան յաջողութիւն մաղթեց աշխատանքային խումբին։ Ան աւելցուց, որ աշխատանքային խումբի արդիւնքները, օրակարգի խնդիրները ժամանակ առ ժամանակ կը քննարկուին իր եւ Վեհափառ Հայրապետի պարբերական հանդիպումներու ընթացքին։ «Կը յուսամ, թէ աշխատանքային խումբի գործունէութեան արդիւնքով մենք աւելի շատ լուծումներու մասին կը լսենք, քան թէ նոր յառաջացած խնդիրներու», եզրակացուց Նիկոլ Փաշինեան։

Շաբաթ, Մայիս 4, 2019