ԴԱՐԵՐՈՒ ՎԿԱՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Կրէտէ կղզիէն.-

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ներկայ շաբաթավերջը յատկանշական է։ Ազգային-եկեղեցական մեր կեանքին ուշադրութիւնը թեքուած է դէպի Կրետէ կղզի, Յունաստան։ Միջերկրականի սրտին վրայ, անոր խոշորագոյն կղզիներէն մէկուն մէջ դարեր առաջ կառուցուած հայկական գողտրիկ սրբավայրի յոբելեանը հայութեան ուշադրութեան կեդրոնին է այս շաբաթավերջին։ Կրետէ կղզիի մեծագոյն քաղաքի՝ Հերակլիոնի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեայ յոբելեանը կը նշուի հանդիսաւոր պայմաններով։ Հայոց քրիստոնէական բազմադարեայ վկայութեան տեսակէտէ ծայր աստիճան խորհրդանշական՝ փոքրիկ այս սրբավայրը պատմական բազում առանցքային իրադարձութիւններու, խոր յիշողութեան խաչմերուկին կը գտնուի։ Լեռնաշխարէ դէպի ծով հնամենի ժողովուրդի մը ոդիսականը, ժողովրդագրական հոսք, հայոց յարաբերութիւնները Եւրոպայի հետ... Այս բոլորին տեսակէտէ վկայութեան կոթող մըն է Կրետէ կղզիի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին. մե՛ր եկեղեցին, մե՛ր հարազատ եկեղեցին, որ Միջերկրականի զուլալ ջուրերու սրտին վրայ խարիսխ մըն է հայկական, յուշարձան մը հաւատի, աննուաճելի ամրոց մը յոյսի, Աստուծոյ ապաւինութեամբ գոյատեւման։ Հերակլիոնի պատմական կեդրոնի ժառանգութեան մաս կը կազմէ ան, կանգուն՝ որպէս դարերու պատգամաբերը, որպէս ժամանակներու ականատեսը։ Նշենք, որ Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին մաս կը կազմէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն։ Սա Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս միակ եկեղեցին է, որ կապուած է մեր Պատրիարքութեան։

Կրետէ կղզիի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեայ յոբելեանի իմաստը կը բիւրեղանայ նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի անմիջական հայրական վերաբերմունքին բերումով։ Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետը այսօր կը ժամանէ Կրետէ եւ իր բարձր հովանաւորութեան ներքեւ կեանքի կը կոչուի տօնակատարութիւններու ամբողջ ծրագիրը։ Նորին Սրբութեան մասնակցութիւնը բոլորովին տարբեր հարթութեան վրայ կը դնէ այս յոբելեանին նշանակութիւնը, արտահերթ երեսակ մը վերագրելով անոր։ Հովուապետական այցելութիւնը արդէն այս շաբաթավերջի հանդիսութիւնները դուրս կը բերէ զուտ հայկական շրջանակէն եւ անոր կու տայ միջեկեղեցական նշանակութիւն եւ աւելին, որովհետեւ ամբողջ Կրետէի վերաբերեալ իրադարձութեան մը վերածուած է այս յոբելեանը։ Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Անտոն Պանառտիս, սիւներէն Սանտի Աւետիսեան եւ իրենց գործակիցները անթերիօրէն յառաջ տարած են կազմակերպչական բազմակողմանի աշխատանքները։ Անոնք վայելած են նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի օրհնութիւնն ու հայրական խրախուսանքը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, այս յոբելեանին առթիւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ երէկ հասաւ Հերակլիոն՝ ընկերակցութեամբ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի։ Նոյնպէս երէկ, Մոսկուայէն Հերակլիոն հասաւ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմակալ առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան։

Այսօր յետմիջօրէի ժամերուն Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը կը հասնի Կրետէ, ուր Հերակլիոնի օդակայանին մէջ կը դիմաւորուի պաշտօնական արարողակարգով։ Իրեն կ՚ընկերանան՝ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, գաւազանակիր Տ. Անանիա Աբեղայ Ծատուրեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան։

Հերակլիոնի օդակայանին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կը դիմաւորուի Կրետէի Իրինէոս Արքեպիսկոպոսին, Կրետէի քաղաքապետ Առնաութաքիսի, Հերակլիոնի քաղաքապետ Լամպրինոսի, այլ յոյն պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեանի եւ ծխական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը օդակայանէն կ՚առաջնորդուի իր իջեւանելիք պանդոկը։ Այսօր երեկոյեան, Հերակլիոնի «Ասթորիա» պանդոկի սրահին մէջ նախատեսուած է համերգ մը՝ ի նշանաւորումն Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ 350-ամեակին։ Մոսկուայէն «Հայասա» համոյթի անդամները Հերակլիոն եկած են՝ յոբելենական համերգ մը տալու համար, Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի կարգադրութեամբ։

Վաղը, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ, Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի հանդիսաւոր սուրբ պատարագ։ Յաւարտ արարողութեան կ՚օծուի այն խաչքարը, որ այս յոբելեանին առթիւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ նուիրուած է Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ։ Խաչքարը արդէն զետեղուած էր երէկուան դրութեամբ։ Եկեղեցւոյ յարակից փողոցներն ալ զարդարուած են Հայաստանի եւ Յունաստանի դրօշակներով։ Կիրակի օրուան եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետին ի պատիւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը կը սարքուի Հերակլիոնի «Աթլանթիս» պանդոկին մէջ։

Երկուշաբթի, Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Կրետէի Արքեպիսկոպոսարանը եւ առաջնորդանիստ մայր տաճարը։ Ան պիտի հիւրընկալուի Իրինէոս Արքեպիսկոպոսին կողմէ։ Կը նախատեսուի, որ այս վերջինը Վեհափառ Հայրապետին նուիրէ իր նախորդին՝ հոգելոյս Թիմոթէոս Արքեպիսկոպոսի գաւազանը, ինչ որ բարոյական մեծ արժէք կը ներկայացնէ։ Նոյն օրը այցելութիւն մըն ալ կը տրուի Էփաիօսիֆի յունաց պատմական վանքը, որ Հերակլիոնէն շուրջ 20 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։

Երեքշաբթի յետմիջօրէին Վեհափառ Հայրապետը Կրետէէն հրաժեշտ կ՚առնէ աւարտած ըլլալով այցելութեան ծրագիրը։

Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ 350-ամեակին առթիւ Կրետէի մէջ կը գտնուի նաեւ պոլսահայ ուխտաւորներու փոքրիկ խումբ մը՝ նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ Վարդուհի Էրկիւնէշի։ Ուխտագնացութեան մասնակիցներու շարքին են՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէք, Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ մեր բարերարներէն Գէորգ Սանդալու։

Կրետէ կղզիի վրայ կ՚ապրի շուրջ կէս միլիոն հոգի։ Հայերուն թիւը հազիւ երկու-երեք տասնեակ է։ Եգէականի յունական կղզիներու շարքին Կրետէն միակն է, ուր կայ հայկական եկեղեցի մը։ Աթէնքի եւ Թէսաղոնիկէի եկեղեցիներուն առընթեր, սա Յունաստանի տարածքի միակ հայկական եկեղեցին է, սակայն մնայուն հովիւ մը դժբախտաբար չունի նիւթական անբաւարարութիւններու պատճառով։ Վերջին շրջանին Կրետէի մէջ բնակութիւն հաստատած են Հայաստանէն արտագաղթած շուրջ 1500 հայեր, որոնք սակայն ազգային-եկեղեցական կեանքին չեն մասնակցիր՝ առաւել չափով կեանքի պայքարի հետամուտ ըլլալով։ Անշուշտ, հոգեւոր հովիւի մը բացակայութիւնն ալ կը տկարացնէ եկեղեցւոյ ձգողականութիւնը անոնց տեսակէտէ։ Հայաստանէ արտագաղթած գրեթէ նոյն քանակութեամբ հայեր կ՚ապրին նաեւ Քոս կղզիին վրայ, ուր սակայն գոյութիւն չուին հայկական եկեղեցի մը։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ ուխտաւորները պիտի վերադառնան յառաջիկայ երեքշաբթի։

Շաբաթ, Մայիս 4, 2019