ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՏՈՒԵԱԼ

Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ ձեռնարկուած պայքարը կը զուգորդուի հետզհետէ աւելի յուսադրիչ տուեալներով։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան տեղեկացուց, որ 11 մարտէն ի վեր առաջին անգամ Թուրքիոյ մէջ առողջացած հիւանդներու թիւը գերազանցած է առկայ վարակեալներու քանակութիւնը։ «Սահմանափակումներուն որքան հնազանդինք՝ արդիւնքները այնքան աւելի լաւ պիտի ըլլան», ըսաւ նախարարը։

Երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 24 հազար 1 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1670 նոր վարակեալ։ Երէկ առողջացած հիւանդներու թիւը կազմեց 4 հազար 892։ Երէկ մահացաւ 61 հիւանդ եւ այս-պէսով Թուրքիոյ մէջ զոհերու թիւը հասաւ 3 հազար 397-ի։

Ցայսօր Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 1 միլիոն 135 հազար 367 քննութիւն եւ ստուգուած՝ 126 հազար 45 վարակեալ։ Բուժուած հիւանդներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 63 հազար 151։ Ներկայ պահուն Թուրքիոյ մէջ 1424 հիւանդ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի, 766 հիւանդ ալ կապուած է արհեստական շնչառութեան սարքի։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ այսօր տեղի կ՚ունենայ կառավարութեան հերթական նիստը։ Նախագահ Էրտողան հեռավար այս ժողովէն վերջ դարձեալ յայտարարութիւններով հանդէս կու գայ՝ ի շարունակութիւն վերջին շաբաթներուն ձեւաւորուած նախընթացին։ Ան բացատրութիւններ պիտի տայ, թէ համաճարակի մթնոլորտին դէմ հաստատուած սահմանափակումները ինչպիսի շարունակութիւն մը պիտի ունենան։ Էրտողանի այսօրուան յայտարարութիւններով կը յստականան լիսէներու եւ համալսարաններու մտից քննութիւններու վերաբերեալ հարցականները։ 65 տարեկանէ վեր քաղաքացիներուն համար սահմանուած փողոց դուրս գալու արգելքին կապակցութեամբ որոշ ճկունացում մըն ալ կը նախատեսուի եւ այս մասին ալ վերջնական պարագան կը յստականայ նախագահի յայտարարութիւններով։ Քննութիւններու պարագային խօսքը կը վերաբերի 4.5 միլիոն աշակերտի, իսկ 65 տարեկանէ վեր քաղաքացիներու պարագան կը հետաքրքրէ 7 միլիոննոց զանգուած մը։ Միջոցէ մը ի վեր պետական պատկան մարմինները աշխատանք կը տանէին առօրեայի աստիճանական բնականոնացման ուղղեալ ծրագրի մը մշակման վրայ։ Այժմ այդ ծրագրի գործադրութեան փուլը հասնելու վրայ է։

Բաց աստի, մինչեւ ամսավերջ կը նախատեսուի երկու անգամ եւս փողոց դուրս գալու քառօրեայ արգելք մը հաստատել երկրին մէջ։ Այսպէս, առաջին գործադրութիւնը պիտի ըլլայ 19 Մայիսի տօնի շրջանին։ Այս տարի Մայիսի 19-ը կը զուգադիպի երեքշաբթի օրուան, ուստի նախորդող շաբաթավերջը ներառեալ քառօրեայ փողոց դուրս գալու արգելք մը պիտի հաստատուի երկրին մէջ։ Նման միւս կարգադրութիւնն ալ կը նախատեսուի Ռամազանի տօնի օրերուն։ 24-26 մայիսին կը զուգադիպին Ռամազանի տօնի օրերը։ Նախորդող շաբաթ օրուան ալ ընդգրկումով նոյնպէս քառօրեայ փողոց դուրս գալու արգելք մը պիտի հաստատուի երկրին մէջ։ Այս սահմանափակումներուն վերաբերեալ վերջնական վիճակն ալ կը պարզուի Էրտողանի յայտարարութիւններու լոյսին տակ։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2020