«ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԱՅԺՄՈՒ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐՍԿՍՈՒՄՆ Է»

Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու գերակայ խնդիրն է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ բանակցութիւններու վերսկսումը։

Դեսպան Լաքոթ «Արմէնփրէս» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ՝ անդրադառնալով Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին։ Ըստ Ճոնաթան Լաքոթի, Մաքրոն եւ Փութին համաձայնած են վերսկսիլ ջանքերը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ իրավիճակի կայուն կարգաւորման հասնելու համար։ Իր խօսքով՝ մօտաւոր ապագային այս ուղղութեամբ յստակ նախաձեռնութիւններ պիտի կատարուին։

Ապրիլի 26-ին տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ Ճոնաթան Լաքոթ յայտնած է, որ Կովկասէ ներս տիրող իրավիճակին վերաբերեալ նախագահ Մաքրոն ընդգծած է գերիներու, մարդասիրական աջակցութեան եւ ժառանգութեան պահպանման հարցերու շուրջ յստակ յառաջընթաց արձանագրելու անհրաժեշտութիւնը։ Մաքրոն եւ Փութին համաձայնած են վերսկսիլ ջանքերը Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս՝ իրավիճակի կայուն կարգաւորման հասնելու համար։ «Մօտաւոր ապագային այս ուղղութեամբ յստակ նախաձեռնութիւններ պիտի կատարուին», նշած է ան։

Բաց աստի, դեսպանը ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններու վերսկսումը համանախագահներու գերակայ խնդիրն է եւ այս մասին արդէն նշուած է անոնց ապրիլի 13-ի յայտարարութեան մէջ։

Պատասխանելով Պաքուի մէջ բացուած «Ռազմական աւարներու պուրակին» վերաբերեալ հարցումի մը՝ դեսպան Լաքոթ յիշեցուցած է այս հարցին վերաբերեալ նախորդ յայտարարութիւնը, ըստ որու պատերազմը ներկայացում բեմադրելու առարկայ մը չէ եւ ներկայիս առաջնահերթութիւնը հակամարտութեան լուծում մը գտնելն է։

Երեքշաբթի, Մայիս 4, 2021