ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԱՅՑ

Թուրքիայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիպիա։ Անգարայի եւ Թրապլուսի իշխանութիւններուն կողմէ այս առթիւ խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան Արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Շօշափուեցաւ նաեւ Լիպիոյ վերջին կացութիւնը։ Օրուան տեւողութեան պատուիրակութիւնը հիւրընկալուեցաւ նաեւ Լիպիոյ վարչապետ Ապտիւլհամիտ Տիպէյպէի կողմէ։

Լիպիա մեկնած բարձրաստիճան պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան, ինչպէս նաեւ ԱՔ կուսակցութեան Արտաքին յարաբերութիւններու գծով պատասխանատու Էֆքեան Ալա։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու Թրապլուսի մէջ յայտարարեց, որ Թուրքիա միշտ կարեւորած է Լիպիոյ ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ քաղաքական միութիւնը։ Ըստ իրեն, Թուրքիոյ կողմէ Լիպիոյ ընծայուած նեցուկին շնորհիւ ներքին պատերազմի ժամանակ կանխուած է մարդկային ողբերգութիւնը։

Միւս կողմէ, նախարար Հուլուսի Աքար զօրավար Եաշար Կիւլէրի հետ երէկ այցելեց Լիպիոյ առաքելութեան խումբի հրամանատարութիւնը։ Ներկայ էին Լիպիոյ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Մուհամմէտ էլ Հաթթաթ, արեւմտեան շրջաններու հրամանատարը եւ Թրապլուսի շրջանային հրամանատարը։

Երեքշաբթի, Մայիս 4, 2021