ԻՖԹԱՐԻ ՀՐԱՒԷՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վաղը Պեշթեփէի համալիրին մէջ պիտի մէկտեղուի Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր եւ աշխարհական ներկայացուցիչներու հետ։ Ան Ռամազանի շրջանին իֆթարի սեղանին շուրջ կը մէկտեղուի երկրի հասարակութեան զանազան խաւերու ներկայացուցիչներու հետ։ Նախագահ Էրտողան այս ամբողջին մէջ վաղը երեկոյեան Պեշթեփէի համալիրէն ներս ընթրիքի ընթացքին պիտի հիւրընկալէ նաեւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, հրաւէր հասած է նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին, որոնք մայրաքաղաք պիտի մեկնին այս կարեւոր հանդիպման համար։

Փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն ուղղեալ իֆթարի հրաւէրը արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մէջ։ Թէեւ հաղորդումները ժամկէտի շուրջ կարգ մը հակասութիւններ կը ցոլացնեն, սակայն վաղուայ իֆթարին կապակցութեամբ կը բովանդակեն նաեւ մանրամասնութիւններ։ Նախագահ Էրտողան միջոցէ մը ի վեր հետամուտ է նոր սահմանադրութեան մը մշակման ենթագետինը ստեղծելու։ Կը նախատեսուի, որ վաղուայ հաւաքոյթին ժամանակ ան այս հեռանկարը արծարծէ նաեւ երկրի փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Բաց աստի, փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու զանազան կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի վերահաստատման գործընթացին շուրջ ալ պատգամներ փոխանցելու առիթ մը պիտի ըլլայ վաղուան ձեռնարկը։

Ի լրումն այս բոլորին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ 24 Ապրիլին կատարուած յայտարարութիւնն ալ ամենայն հաւանականութեամբ արժեւորուի մայրաքաղաքի մէջ վաղը նախատեսուած ընթրիքին ժամանակ։

Տեղական մամուլի հաղորդումներուն մէջ թէեւ առանձնապէս ընդգծուած են կալուածական հարցերը, սակայն, ծանօթ է, որ վաքըֆներու առկախուած ընտրութեան հարցն ալ միշտ կը մնայ հրատապ։

Երեքշաբթի, Մայիս 4, 2021