ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑՈՒԱԾ ՔԱՅԼԵՐ

Հայաստանի մէջ նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, Սահմանադրութիւնով ենթադրուած ընթացակարգը կը բանեցուի՝ խորհրդարանի քաղաքական ուժերուն միջեւ գոյացած փոխըմբռնման վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ձեւականօրէն հրաժարած է, որպէսզի համաձայնեցուած ձեւով ընտրութիւն իրականանայ եւ մանաւանդ՝ մինչեւ ընտրութիւններ ինք երկրին ղեկը պահէ իր ձեռքը։

Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ իրաւունքի ուժով յատուկ նիստ մը գումարեց՝ օրակարգի վրայ ունենալով վարչապետի ընտրութեան հարցը։ Սահմանադրութեան պահանջն է, որ արտահերթ ընտրութիւն իրականացնելու համար անհրաժեշտ է խորհրդարանի արձակումը։ Իսկ խորհրդարանը կ՚արձակուի, երբ վարչապետի հրաժարականէն յետոյ երկու շաբթուան մէջ երկու անգամ անընդմէջ վարչապետ ընտրել չի յաջողիր։ Փաշինեան աւելի առաջ յայտարարած էր, որ ընթացակարգերը յարգելու համար ինք երկու անգամ կ՚առաջադրուի վարչապետի թեկնածու։ Խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները վստահեցուցած են, թէ իրենք վարչապետի թեկնածու պիտի չառաջադրեն։

Խորհրդարանի երէկուան յատուկ նիստի ընթացքին քննարկուեցաւ վարչապետի ընտրութեան հարցը։ Ընդդիմադիր ուժերը թեկնածու չառաջադրեցին։ «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը, որ մեծամասնութիւն կը կազմէ, առաջադրեց Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը։ Ազգային ժողովը զինք չընտրեց վարչապետ։ Խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն մը, որու արդիւնքին քուէ մը կողմ էր, երեք քուէ դէմ էր, իսկ 75 քուէ ձեռնպահ։

Երէկուան ժողովի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Նիկոլ Փաշինեան, որ վերստին անդրադարձաւ երկրի օրակարգի բազմաթիւ ցաւոտ հարցերուն, որոնց կապակցութեամբ բուռն բանավէճեր կ՚ընթանան։ Այդ բոլոր ցաւոտ հարցերուն շուրջ Փաշինեան հերթական անգամ գայթակղեցուցիչ յայտարարութիւններ ըրաւ։

Երէկուան ելոյթին ժամանակ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ այն խօսակցութիւններուն, ըստ որոնց երկրորդ փուլին կարգ մը ուժեր պիտի ջանան ապահովել ուրիշ վարչապետի թեկնածութեան առաջարկումը։ Ան յայտնեց, որ եթէ պայմանաւորուածութիւնները խախտուին, ապա իրենք ունին իրենց պատրաստ լուծումը եւ այդ պարագային «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը կ՚ընտրէ իր վարչապետը։

Երեքշաբթի, Մայիս 4, 2021