ԱՆՇԵՂ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Ուաշինկթընի մէջ կը շարունակուին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի բանակցութիւնները։ Շահագրգիռ բոլոր շրջանակները անշեղ ուշադրութեամբ կը հետեւին բանակցութիւններու ընթացքին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ըստ սկզբնական ծրագրին, այսօր բանակցութիւններու վերջին օրն է։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւս կը միանայ բանակցութիւններու ամփոփիչ փուլին։ Ցարդ նախարարները արդէն եռօրեայ խտացեալ քննարկումներ ծաւալած են։

Երէկ, ԱՄՆ-ի նախագահ Պայտընի՝ Ազգային անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական Ճէյք Սալըվըն մէկտեղուեցաւ Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հետ։ Եռակողմանի հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան, նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան նշեց, որ Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի գործողութիւնները, ամենաբարձր մակարդակով ատելութեան խօսքն ու ուժի կիրառման բացայայտ սպառնալիքները կը վկայեն՝ Լեռնային Ղարաբաղը էթնիք զտումներու ենթարկելու Ատրպէյճանի մտադրութիւնը եւ իսկական սպառնալիքը։ «Ընդգծուած է, որ համապարփակ կարգաւորման եւ տարածաշրջանէն ներս երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման համար առանցքային են զօրքերու ետ քաշուիլը, Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատումը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան խնդիրներու հասցէագրումը՝ միջազգայնօրէն երաշխաւորուած երկխօսութեան դրութեան շրջանակներուն մէջ», տեղեկացուցին հայկական դիւանագիտական աղբիւրները։

Երէկուան հանդիպումէն վերջ Սալըվըն գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ «Մենք կ՚ողջունենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յառաջընթացը բանակցութիւններու մէջ եւ կը խրախուսենք շարունակական երկխօսութիւնը։ Կայուն եւ արդար համաձայնագիրը առանցքային կ՚ըլլայ երկու երկիրներու եւ տարածաշրջանի համար հնարաւորութիւններ բանալու տեսակէտէ», նշեց ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն անդրադարձաւ՝ Ազգային ժողովէն ներս երեսփոխանի մը հարցման պատասխանելու ժամանակ։ Իր խօսքով՝ բանակցային սեղանին վրայ կայ փաստաթուղթ մը, որ անակնկալներ չի պարունակեր։ «Այդ փաստաթուղթին մէջ որեւէ նորութիւն չէք գտներ, որովհետեւ անոր մասին հրապարակային ըսած եմ այս ամպիոնէն», ըսաւ Փաշինեան։ Միեւնոյն ժամանակ, վարչապետը տեղեկացուց, որ իր քաղաքական որոշումով Ուաշինկթըն մեկնած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնը կը վարէ։ «Ուաշինկթըն մեկնած բանակցող խումբին ըսած եմ, որ այն թուղթը, որու շուրջ կը բանակցիք, յիշեցէք, ես պիտի ստորագրեմ։ Բանակցեցէք ազատ, մեր հրապարակային արտայայտուած կարծիքներու շրջանակին մէջ, սակայն այստեղ ալ կայ թակարդ մը։ Բանակցային գործընթացը կենդանի է, ընթացքին կրնան նոր գաղափարներ ծնիլ, նոր բաղադրիչներ յառաջանալ», աւելցուց Փաշինեան։

Խորհրդարանի ամպիոնէն վարչապետը ընդգծեց նաեւ հետեւեալը. «Մեր դիրքորոշումը հետեւեալն է. Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է յայտարարէ, որ տարածքային նկրտումներ ո՛չ միայն չունի, այլեւ պիտի չունենայ։ Եւ սա է այն միակ սկզբունքը, որ պետութիւն ունենալու հնարաւորութիւնը պիտի տայ մեզի։ Հակառակ պարագային չորս կողմէ ամէն ինչ պիտի ընենք, որ մենք գոյութիւն չունենանք՝ որպէս պետութիւն»։

Իր կարգին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ երէկ Ուաշինկթընի բանակցութիւններու ընթացքին անդրադարձաւ՝ Շուշիի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Ուաշինկթընի բանակցութիւնները եթէ ոչ արդիւնք, ապա գոնէ տեսանելի յառաջխաղացում մը ապահովեն։ Ալիեւ համոզուած է, թէ առաւել արդիւնաւէտը կրնայ ըլլալ Երեւան-Պաքու ուղիղ բանակցութեան՝ առանց միջնորդի։ Բաց աստի, Ալիեւ շեշտեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններուն յաջորդ փուլը այս ամիս պէտք է կայանայ Ռուսաստանի մէջ։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Մոսկուայէն ալ երէկ հերթական արձագանգը հնչեց Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն շուրջ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ անկարելի է մեկնաբանութիւններ ընել այս գործընթացին մասին, որովհետեւ բանակցութիւնները կ՚ընթանան առանց ռուսական կողմին։ Իր խօսքով՝ երբ բանակցութիւններու մասնակիցները համապատասխան յայտարարութիւններով հանդէս գան, իւրաքանչիւր կողմ արտայայտուի, ապա հնարաւոր պիտի ըլլայ կարծիք ձեւաւորել ու մեկնաբանութիւն ընել։ Բանբերը հերթական անգամ շեշտեց Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման կարեւորութիւնը։ Ան նշեց, որ Երեւան եւ Պաքու պատրաստակամութիւն յայտնած են Ռուսաստանի միջնորդութեամբ ալ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում մը ունենալու համար։ Ըստ Զախարովայի, ժամկէտներու մասին պիտի տեղեկացուի աւելի ուշ։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2023