ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հիւրընկալուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմով պայմանաւորուած՝ աւելի քան 12 տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ Իրանի նախագահ մը կ՚այցելէ այդ երկիրը։ Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուի առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնումն ու երկկողմանի յարաբերութիւններու վերակենդանացումը։ Ռայիսիի ուղեւորութիւնը կ՚իմաստաւորուի նաեւ Իրան-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններու վերականգնման համայնապատկերին վրայ։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի ընթացքին Դամասկոսէն երես թեքած արաբական երկիրները այժմ ճանապարհային քարտէս կը մշակեն՝ պատերազմին վերջ դնելու եւ Սուրիան վերստին Արաբական լիկային ընդգրկելու ուղղութեամբ։
Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացներուն զուգահեռ՝ Անգարա-Դամասկոս ձիւնահալն ալ այս շրջանին առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Այս գործընթացը կը հասուննայ Թուրքիա-Ռուսաստան-Սուրիա-Իրան առանցքով։ Ցարդ զանազան մակարդակներու վրայ կազմակերպուած շփումներուն ի շարունակութիւն՝ այժմ կը նախատեսուի այս չորս երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում մը։ Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ այդ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ յաջորդ շաբթուան մէջ՝ մայիսի 10-ին։
Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները աւելի ընդգրկուն ազդեցութիւններու ալ դուռ կը բանան միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Այսպէս, Իպրահիմ Ռայիսի Դամասկոս մեկնելէ առաջ Թեհրանի մէջ հիւրընկալեց Հնդկաստանի վարչապետի՝ Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Աճիտ Տովալը։ Հանդիպման ընթացքին ան յայտնեց, որ Իրան եւ Հնդկաստան պէտք է աւելի արդիւնաւէտ դեր մը խաղան նոր աշխարհակարգին մէջ։