ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏԻԺ
Թուրքիա անցեալ շաբաթավերջէն ի վեր փակած է իր օդային մարզը՝ Հայաստանէն դէպի արտասահման տարանցիկ թռիչքներուն համար։ «Fly One Armenia» ընկերութիւնը շաբաթավերջին այս մասին բարձրաձայնեց՝ շեշտելով, որ Թուրքիոյ պատկան իշխանութիւնները այս քայլը առած են առանց նախազգուշացնելու եւ առանց որեւէ պատճառաբանութիւն նշելու։ Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս նիւթին կապակցութեամբ մանրամասնութիւններ հաղորդեց՝ NTV-ի ուղիղ եթերին ընթացքին։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Չավուշօղլու նշեց, որ Թուրքիա այս արգելքը սահմանած է՝ Երեւանի մէջ վերջերս բացուած «Նեմեսիս» յուշարձանին հետեւանքով։ Այսպէս, Երեւանի Օղակաձեւ այգիէն ներս, ապրիլի 25-ին բացուած է 1919 թուականի «Նեմեսիս» գործողութեան կազմակերպիչներուն ի յիշատակ։ Հայկական լրատուամիջոցները հաղորդած էին համանուն յուշաղբիւր-կոթողի տեղադրումը, ինչ որ Թուրքիոյ հակազդեցութեան պատճառ դարձած է։ Հարկ է նշել, որ «Նեմեսիս»ի հետեւանքով այդ ժամանակ սպաննուած էին Թալէաթ փաշան եւ այլ թուրք պետական գործիչներ։
Նախարար Չավուշօղլու երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ բուռն արտայայտութիւններ ունեցաւ այս կապակցութեամբ եւ այդ յուշարձանին բացումը որակեց անընդունելի։ Այսպէս, Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան բազմաթիւ քայլեր առած են Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար։ «Այդ յուշարձանը կառուցուած է մեծարելու համար այն ահաբեկչական կազմակերպութիւնները, որոնք մեր դիւանագէտները նահատակած են, այդ ահաբեկիչները 1920-ականներուն մեր Ատրպէյճանի եղբայրները եւ մեր քաղաքացիները նահատակած են։ Հետեւաբար, անվտանգութեան կառոյցներէ վերջ ամենաշատ նահատակը տուած հաստատութեան՝ արտաքին գործոց նախարարութեան գլուխը գտնուելով անկարելի է, որ ես ընդունիմ այս բանը», ըսաւ Չավուշօղլու։ Բաց աստի, նախարարը յայտնեց, որ Հայաստան պաշտօնապէս տեղեկացուցած է, որ յուշարձանը քաղաքապետարանի կողմէ կանգնեցուած է եւ իշխանութիւնները լիազօրութիւն չունին։ Ան այս բացատրութիւնը անկեղծ եւ ճիշդ չհամարեց։ «Հետեւաբար, ցոյց կու տան, թէ բարեացակամ չեն եւ բնականաբար ես ալ ձեռնածալ պիտի չմնամ», նշեց Չավուշօղլու։
Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Չավուշօղլու շեշտեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ թռիչքները կը կազմակերպուին, սակայն դէպի երրորդ երկիրներ թռիչք առած հայկական օդանաւներուն համար փակուած է Թուրքիոյ օդային մարզը։ «Եթէ շարունակեն այս բանը, ապա ձեռք պիտի առնենք նաեւ այլ նախազգուշական միջոցներ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Թուրքիա թոյլ պիտի չտայ նաեւ Հայաստանէն VIP թռիչքներու տարանցման։ Այս շրջանակին մէջ բացառութիւն կատարուած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի թռիչքի պարագային, քանի ան Թուրքիա եկած է միջազգային հաւաքի մը՝ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի հանդիպման համար։
«Եթէ շարունակեն, այս բանը չվերցնեն, այս անգամ յաւելեալ նախազգուշական միջոցներ ձեռք պիտի առնենք։ Անկարելի է, որ ընդունինք այս բանը։ Յստակօրէն նկատած եղանք, թէ բարեացակամ չեն։ Թող ոեւէ մէկը չսրտնեղի ու մեզ չխաբէ, թէ իրենց իրաւասութեան մաս չի կազմեր», նշեց Չավուշօղլու։
ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ
Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ երեսփոխանի մը հարցման պատասխանելով անդրադարձաւ այս նիւթին։ Խորհրդարանի ամպիոնէն այս խնդիրը մեկնաբանելու ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդածութիւններ ըրաւ ընդհանուր առմամբ երկրի հայրենասիրութեան մոտելին ու մտայնութեան շուրջ։
«Այնպէս չէ, որ զանազան ուղղութիւններով մեր երթալ-գալու վրայ արձանները չեն ազդեր։ Օրինակ՝ մենք կ՚առերեսուի՞նք, թէ այդ յարաբերութիւններուն վրայ ժամանակին ինչ ազդեցութիւն գործած է Գարեգին Նժդեհի արձանի տեղադրումը։ Այդտեղ մենք լուրջ խնդիրներ ունեցած ենք ու կը շարունակենք ունենալ։ Այնպէս չէ, որ միայն արեւմտեան ուղղութենէն մենք արձաններու վերաբերեալ հարցեր կը ստանանք։ Մենք ռազմավարական ընտրութեան առջեւ կանգնած ենք։ Եւ այդ ռազմավարական ընտրութիւնը հնարաւոր չէ առանց ընկերային-հոգեբանական ոլորտի մէջ առերեսուելու եւ մտորումներու ենթարկուելու», ըսաւ վարչապետը։
Ի շարունակութիւն երեսփոխանի դիտարկման՝ Նիկոլ Փաշինեան հարց տուաւ. «Եթէ նման արձան մը Հայաստանի մէջ չըլլար, ապա երկիրը այդ բանէն ինչո՞վ կը տուժէր եւ ի՞նչ կը շահէր։ Մենք բոլորս, ըստ էութեան, կ՚առաջնորդուինք տրամաբանութիւնով մը՝ այնպէս ընենք, որ յանկարծ մեզ չըսեն, թէ մենք դաւաճան ենք։ Բայց մենք, իրականութեան մէջ, մեր երկրի պետական ու ազգային շահերուն դէմ անընդհատ կը դաւաճանենք։ Կայ խնդիր եւ սա Հայաստանի խնդիրն է։ Անոնք, որոնք Հայաստանի ճանապարհները կը փակեն, ընդհանրապէս որեւէ խնդիր չունին եւ եթէ նոյնիսկ ունին, ապա այնքան խոր չէ»։
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Միւս կողմէ, Ուաշինկթընն ալ արձագանգեց այս իրադարձութեան՝ արտայայտելով իր մտահոգութիւնը։ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները վճռականօրէն կ՚աջակցի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչ որ լաւ կ՚ըլլայ ամբողջ տարածաշրջանին համար։ Մենք հիասթափութեամբ ի գիտութիւն ընդունեցինք Թուրքիոյ յայտարարութիւնը՝ իր տարածքով հայկական օդային ընկերութիւններու թռիչքներու թոյլտուութիւնը կասեցնելու մասին։ Աւելի վաղ, անոնց միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները՝ օդային հաղորդակցութեան վերականգնման վերաբերեալ, դարձած են վստահութեան ամրապնդման կարեւոր միջոցները։ Մենք անկեղծօրէն յոյս ունինք, թէ Թուրքիան եւ Հայաստանը կը շարունակեն վերականգնել տնտեսական կապերը եւ բանալ փոխադրութեան հաղորդակցութիւնը», նշուած է պետական քարտուղարութեան կողմէ։