ԲՈՒՆԻԱԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԴԱՓՆԵԿԻՐ

Երէկ, Մամլոյ ազատութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Հայաստանի մէջ պարգեւատրուեցաւ յայտնի լրագրող Հեղինէ Բունիաթեան, որ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հայկական ծառայութեան ղեկավարն է։ Հայաստանի մէջ Լրատուամիջոցներու շահերու պաշտպանութեան համախոհութեան կողմէ 2024 թուականի մրցանակը Հեղինէ Բունիաթեանին յանձնուեցաւ՝ որակեալ լրագրութեան զարգացման նպաստելու համար։ Երեւանի մամլոյ ակումբի առանցքին շուրջ ձեւաւորուած յիշեալ համախոհութիւնը ամէն տարի կու տայ այդ մրցանակը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի լրագրողներու միութիւնն ալ երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Մամլոյ ազատութեան համաշխարհային օրուան առթիւ։ «Տեւական ժամանակէ՝ Մամլոյ ազատութեան միջազգային օրը Հայաստանի մէջ դարձած է ո՛չ թէ լրագրողներու մասնագիտական տօնը շնորհաւորելու, այլ երկրէն ներս մամլոյ ու խօսքի ազատութեան դէմ ահագնացող ոտնձգութիւնները յիշատակելու առիթ», նշուած է յայտարարութեան մէջ, ուր դիտել տրուած է, որ մամլոյ ու խօսքի ազատութեան դէմ Հայաստանի իշխանութեան կողմէ ցուցաբերուած անհանդուրժողականութիւնը իրականութեան մէջ ունի խոր քաղաքական դրդապատճառներ։

«Հայաստանի մէջ մամուլը մնացած է այն միակ ենթահամակարգը, որ իշխանութիւնը կը հակակշռէ, իշխանութեան գործողութիւնները կը վերահսկէ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 4, 2024