ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՒՔ

Արեւմուտքը կը շարունակէ Ռուսաստանի դէմ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Ուքրայնայի զօրակցելու ուղղեալ պատգամները։ Յամենայնդէպս, յայտարարութիւններն ու դաշտի վրայ ստեղծուած իրավիճակը տարբեր են։ Վերջին շրջանին միջազգային բեմահարթակի վրայ յաճախ կը նշուի, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Ուքրայնային համար նախատեսուած զօրակցութեան հերթական բաժինը արդէն յապաղած է։ Ուաշինկթընէն հասած լուրերը թէեւ կը վկայեն նոր օժանդակութիւններու խմբաքանակի ուղարկման համար որոշումներու ընդունումը, սակայն, հարցականները կը շարունակեն մնալ օրակարգի վրայ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորէլն ալ ըսաւ. «Ուքրայնայի գոյութիւնը մեզմէ կախեալ է։ Եթէ զէնքի մատակարարումը դադրեցնենք, ապա պատերազմը երկու շաբաթէն կ՚աւարտի եւ Ուքրայնան կը պարտուի»։

Միջազգային լրահոսը ողողուած է զանազան յայտարարութիւններով, ըստ որոնց այս գարնան Ռուսաստան ճակատի վրայ լայնածաւալ նոր յարձակման մը կրնայ ձեռնարկել։

Միւս կողմէ, արեւմտեան պլոքի յառաջատար երկիրներէն Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարարը՝ Տէյվիտ Քեմրըն այցելեց Քիեւ, ուր ընդունուեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի կողմէ։ Ան յայտնեց, որ Ուքրայնա կրնայ Անգլիոյ զէնքերը օգտագործել Ռուսաստանին հարուածելու համար։ Զելենսքի-Քեմրըն տեսակցութենէն վերջ հաղորդուեցաւ, որ Անգլիա եւ Ուքրայնա կը բանակցին՝ հարիւր տարուան գործընկերութեան մը մշակման հեռանկարին շուրջ։

Իր կարգին, Մոսկուան ալ արձագանգեց Քիեւէն հնչած յայտարարութիւններուն, որոնք կատարուած են Քեմրընին կողմէ։ Ռուսական կողմի հաղորդումներուն մէջ նշուած է, որ Լոնտոնի յայտարարութիւնը դատապարտելի է ու կը նկատուի հերթական վտանգաւորը։

Շաբաթ, Մայիս 4, 2024