ԱՆԶԷՆ ԱՉՔՈՎ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ

Պատրիարքարանի աղբիւրներէն ստացանք հետեւեալ մամլոյ հաղորդագրութիւնը.-

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Ա­թէ­շեան Հինգ­շաբ­թի գի­շե­րա­յին թռիչ­քով, իր թիկ­նա­պա­հին ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ մեկ­նե­ցաւ Տի­ար­պա­քըր։ Ծա­նօթ է, թէ վեր­ջին ա­միս­նե­րուն քա­ղա­քի ներ­պարս­պեան շրջա­նին մէջ պա­տա­հած տխուր դէպ­քե­րոու հե­տե­ւան­քով վնաս կրած էին բա­զում կա­ռոյց­ներ։ Պատ­մա­կան Ս. Կի­րա­կոս ե­կե­ղե­ցին եւս կը գտնուէր այս շրջա­նին մէջ։ Նկա­տե­լով, որ շրջա­նը ար­գի­լեալ գօ­տի էր, Սրբա­զան Հայ­րը նախ­քան իր մեկ­նու­մը շփում­ներ ու­նե­ցաւ թէ՛ Տի­ար­պա­քը­րի կու­սա­կա­լու­թեան եւ թէ՛ քա­ղա­քի Ա­պա­հո­վու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան հետ։ Ուս­տի Սրբա­զան Հօր քննա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցաւ Ա­պա­հո­վու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան տրա­մադ­րած հինգ պաշ­տօ­նեա­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։

Ե­կե­ղեց­ւոյ քովն­տի փո­ղո­ցը եւ ա­նոր դրա­ցի շրջա­կայ բնա­կա­րան­նե­րը ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­նե­րու եւ ա­հա­բե­կիչ­ներ հե­տապն­դե­լու հա­մար կա­տա­րուած գոր­ծո­ղու­թեանց հե­տե­ւան­քով ծանր վնաս կրած էին եւ բնա­կա­րան­ներ՝ անբ­նա­կե­լի դար­ձած։ Այս ա­ռու­մով ե­կե­ղեց­ւոյ ար­տա­քին շրջա­փա­կը փո­ղո­ցէն զա­տող պա­տը եւս վնա­սուած ըլ­լա­լով՝ ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զը փո­ղո­ցին միա­ցած էր։

Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ յարակից Քաղ­դէա­ցի կա­թո­լիկ­նե­րու ե­կե­ղեց­ւոյ մի­ջեւ գտնուած միջ­նոր­մը ծա­կուած էր, մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ փա­խուստ տա­լու հա­մար։

Ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տե­րը եւ զան­գա­կա­տու­նը, տա­նի­քը մնա­ցած էին անվ­նաս։ Սա­կայն ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նա­մա­սը անմ­խի­թար վի­ճա­կի մէջ կը գտնուէր։ Յայտ­նի էր, թէ ե­կե­ղե­ցին օգ­տա­գոր­ծուած էր որ­պէս ա­պաս­տա­նա­րան, քա­նի որ ա­պա­կի­նե­րը եւ դռ­­նե­րը կոտ­րած էին, ա­տեա­նին եւ վեր­նա­տան մէջ կը գտնուէին ան­կո­ղին­ներ եւ ու­տե­լիք­ներ, նաեւ ջե­ռուց­ման հա­մար զե­տե­ղուած էր վա­ռա­րան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը յոյս յայտ­նեց, որ մօտ ա­պա­գա­յին ներ­պարս­պեան շրջա­նի մէջ ձեռ­նար­կե­լի վե­րա­շի­նու­թեան եւ բա­րե­զարդ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը ի­րենց անդ­րա­դար­ձը պի­տի ու­նե­նան նաեւ շրջա­նի կրօ­նա­կան կա­ռոյց­նե­րուն եւ ա­նոնց շրջա­պատ­ե­րուն վրայ եւս։ Եր­բեմ­նի Հայ կա­թո­ղի­կէից ե­կե­ղե­ցիէն, որ ըն­կե­րա­յին օ­ժան­դա­կու­թեան հիմ­նար­կի մը կող­մէ կ­­՚օգ­տա­գոր­ծուէր բա­րե­սիր­ա­կան նպա­տա­կաւ, այժմ կան­գուն պատ չէր մնա­ցած։ Պատ­մա­կան Քուր­շուն­լու մզկի­թը հրկի­զուած էր։ Այս բո­լո­րին ա­ռըն­թեր, մխի­թա­րա­կան էր գո­նէ ա­կա­նա­տե­սը ըլ­լալ, թէ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռոյ­ցը անվ­նաս եւ անվ­թար մնա­ցած էր։

Ս. Կի­րա­կոս ե­կե­ղե­ցին Տ. Ա­րամ Սրբա­զան Հօր ջան­քե­րով եւ բա­րե­րար մե­րազ­նէից նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րով՝ վեր­ջերս վե­րա­նո­րո­գուած ըլ­լա­լով ներ­կա­յա­նա­լի վի­ճակ մը կը պար­զէր։ Այժ­մու անմ­խի­թար վի­ճա­կը կա­րե­լի է բառ­նալ ներ­քին բա­րե­զար­դու­թեամբ եւ վնա­սուած ի­րե­րը նո­րե­րով փո­խա­նա­կե­լով։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ա­ղօ­թեց, որ խա­ղա­ղու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տուի այս պատ­մա­կան քա­ղա­քին մէջ, ո­րուն կա­պուած էր հա­մա­քա­ղա­քա­ցիա­կան կա­պով՝ իր ծննդեամբ եւ միա­ժա­մա­նակ Ս. Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ՝ իր մկրտու­թեամբ։

Սրբա­զան Հայ­րը Ուր­բաթ գի­շեր վե­րա­դար­ձաւ Իս­թան­պուլ։

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016