ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԲՈՂՈՔ
Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման արձագանգները կը շարունակուին Թուրքիոյ մէջ։ Պունտեսթակի նախաձեռնութիւնով պայմանաւորուած հակազդեցութեան հուժկու ալիքը կը բնորոշէ երկրին օրակարգը։ Դէպի Ափրիկէ ձեռնարկած ուղեւորութենէն վերադարձի ճանապարհին լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ըսաւ. «Այս որոշումով մեր պատմութիւնը պիտի չփոխուի»։ Էրտողան հարց տուաւ, թէ Գերմանիոյ ղեկավարութիւնը ասկէ վերջ ի՞նչ երեսով պիտի նայի իրեն եւ Անգարայի իշխանութիւններու երեսին։ Ըստ իրեն, գերմանական կողմը Թուրքիոյ նման բարեկամ մը կորսնցնելու վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուի։ Ան նշեց, որ Հոլոքոստի եւ 1915-ի դէպքերուն միջեւ որեւէ նմանութիւն գոյութիւն չունի։ Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանն ալ բացայայտօրէն վճռած է, թէ հայոց մօտեցումը բացարձակ իրականութիւն չէ եւ կարելի է անոր շուրջ վիճիլ ազատօրէն։
Պունտեսթակի որոշումէն անմիջապէս վերջ, երէկ, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ այցելեց Պաքու, ուր հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Եըլտըրըմ եւ Ալիեւ Պաքուի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի Թուրքիա եւ Ատրպէյճան միասնաբար հակազդեն Գերմանիոյ դէմ։ Անոնք Պունտեսթակի որոշման կապակցութեամբ հասարակաց բողոք մը արտայայտեցին՝ իրենց առաջնահերթութիւններու երանգներով։ Եըլտըրըմ ըսաւ, թէ Պունտեսթակի որոշումը պատմական սխալ մըն է եւ գոյութիւն չունի Թուրքիոյ տեսանկիւնէն։ Ալիեւն ալ յիշեցուց Խոճալուի դէպքերը։ Ղարաբաղեան հարցին անդրադառնալով՝ Պինալի Եըլտըրըմ ըսաւ, թէ Հայաստան Ատրպէյճանի տարածքին 20 տոկոսը բռնագրաւած է ու տարիներէ ի վեր այս ապօրինի երեւոյթը կը շարունակուի։ «Համայն աշխարհ գիտէ, թէ Հայաստան պատմութեան ընթացքին կարգ մը սխալներ գործած է գրգռութիւններով», ըսաւ վարչապետը։
Հարկ է նշել, որ Եըլտըրըմի Պաքուի շփումներուն մասնակցեցան Փոխ-վարչապետ Թուղրուլ Թիւրքէշ, Ազգային կրթութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազ, Հաղորդակցութեան նախարար Ահմէտ Արսլան եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան խոր-հըրդատու դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու։
Թէ՛ իշխանութիւնները եւ թէ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը ներկայիս բուռն ոճով կը քննադատեն Գերմանիան։ Բողոքներէն մասնաւորապէս անմասն չեն մնար նաեւ Պունտեսթակի թրքական արմատներով անդամները, որոնց հասցէին երէկ ծանրակշիռ արտայայտութիւններ ունեցաւ Արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ։ Իր կարգին, Եւրոմիութեան գծով նախարար Էօմէր Չելիքն ալ երէկ յայտնեց, թէ եթէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ պիտի փոխանցուի պատգամ մը, ապա անոր հասցէն պէտք է ըլլայ Երեւանը, այլ ոչ թէ Անգարան։ Իր խօսքերով, Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները Հայաստանի Սահմանադրական ատեանին կողմէ նկատուած են երկրի սահմանադրութեան ներհակ։ Թուրքիա այս նիւթին շուրջ երկխօսութեան զարգացման եւ փոխադարձ համագործակցութեան ուղղութեամբ ծայր աստիճան դրական օրակարգ մը ունի։