ՎԱՏԻԿԱՆԷՆ ՏՆՕՐԻՆՈՒԹԻՒՆ

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան նշա­նա­կուած է պա­պա­կան պա­տուի­րակ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան հա­մար։ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան դի­ւա­նին կող­մէ հա­ղոր­դուե­ցաւ, որ Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը վեր­ջերս կա­տա­րած է հա­մա­պա­տաս­խան տնօ­րի­նու­թիւ­նը։ Միա­բա­նու­թեան Վե­նե­տի­կի Ս. Ղա­զար կղզիի մայ­րա­վան­քէն հրա­պա­րա­կուած մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ նշուած է հե­տե­ւեա­լը։  

Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին, Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան դի­մագ­րա­ւած տնտե­սա­կան եւ այլ կարգ մը հար­ցե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ, իբ­րեւ նե­ցուկ եւ օ­ժան­դակ նման հար­ցե­րու լուծ­ման հա­մար՝ Վա­տի­կա­նի կող­մէ կար­գուած էին, հեր­թա­բար, մաս­նա­ւոր խորհր­դա­կան­ներ եւ գոր­ծա­կա­տար­ներ, տար­բեր ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րով օժ­տուած։

Նկա­տի ա­ռած, որ այս հեր­թա­կան «այ­ցե­լու­թիւն»նե­րէն ցարդ չէին քա­ղուած ակն­կա­լուած վերջ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րը, 30 Ապ­րիլ 2016 թուա­կիր վճռագ­րով, Ն.Ս. Ֆրան­սիս­քոս Պա­պը Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան հա­մար պա­պա­կան պա­տուի­րակ նշա­նա­կեց, լիա­զօր ի­րա­ւա­սու­թեամբ, Պոլ­սոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ թե­մի ա­ռաջ­նորդ Գերպ. Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեա­նը։ Պա­տուի­րա­կի ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րը լրիւ ի զօ­րու կը դառ­նան, ստո­րագ­րու­թեան ի­րա­ւուն­քով նաեւ քա­ղա­քա­կան ա­տեան­նե­րու առ­ջեւ, 1 Յու­նիս 2016 թուա­կա­նէն սկսեալ։

Նո­րա­կոչ պաշ­տօ­նա­վար Սրբա­զա­նը, Միա­բա­նու­թեան ա­ռօ­րեայ ըն­թա­ցիկ գոր­ծե­րուն տնտես­ման հա­մար, իբ­րեւ իր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը նշա­նա­կած է՝ Ս. Ղա­զա­րու մայ­րա­վան­քին եւ առ հա­սա­րակ միա­բա­նու­թեան հա­մար՝ նախ­կին Ընդ­հա­նուր Աբ­բայ Գերյ. Հ. Ե­ղիա Վրդ. Քի­լաղ­պեա­նը, իսկ Վիեն­նա­յի մե­նաս­տա­նին հա­մար՝ նախ­կին տե­ղա­կան Աբ­բայ Գերյ. Հ. Պօ­ղոս Վրդ. Գո­ճա­նեա­նը։

Տ. Լե­ւոն Արք. կ՚օգ­տուի հա­ղոր­դագ­րու­թեան ըն­ծա­յած այս ա­ռի­թէն, խնդրե­լու հա­մար բո­վան­դակ հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ, յատ­կա­պէս, Հա­յաս­տա­նեայց Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր Ուխ­տի ման­կանց ա­ղօթ­քը եւ հո­գե­ւոր սրտակ­ցու­թիւ­նը ի­րեն եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր ու մտա­ւոր ան­դաս­տա­նին մէջ ե­րախ­տա­շատ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան հա­մա­ր։

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016