ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան յայտարարեց, որ անընդունելի կը համարէ որեւէ զարգացում, որ կրնայ խոչընդոտել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացը։

Զօհրապ Մնացականեան վերջերս մասնակցութիւն բերաւ «Արմենիա» հեռուստակայանի «Ժամը» լրատուական ծրագրի «Բանաձեւ» հաղորդաշարին։ Այս առթիւ ան պատասխանեց հաղորդավար Արտակ Ալեքսանեանի հարցումներուն։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հարցազըրոյցի ընթացքին Զօհրապ Մնացականեան անդրադարձաւ վերջերս շրջանառութեան մէջ մտած խօսակցութիւններուն, ըստ որոնց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմանի Նախիջեւանի հատուածէն ներս կը կառուցուին յենակէտեր։ Ի պատասխան՝ Մնացականեան ըսաւ. «Նման հարցերը ուշադրութեան կեդրոնի մէջ կը պահուին թէ՛ Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ թէ մեր կողմէ։ Որեւէ զարգացում, որ պիտի խոչընդոտէ բանակցային գործընթացը, պիտի ըլլայ անընդունելի։ Սա բացասաբար պիտի ազդէ բանակցութիւններուն վրայ, հետեւաբար նման ամէն տեսակ զարգացումէ պէտք է խուսափիլ։ Մենք մտադիր ենք ներգրաւուած մնալ բանակցութիւններուն, մտադիր բանակցութիւնները վարել խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար, սա պիտի ընենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս»։

Հարցազրոյցի տեւողութեան նախարար Մնացականեան շեշտեց, որ բանակցութիւնները չեն կրնար ընթանալ առկայ թշնամական մթնոլորտին մէջ։ Այդ թշնամական մթնոլորտին հիմք կը հանդիսանան այն յայտարարութիւնները, որոնք պարբերաբար կը հնչեցուին Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։

Նախարար Մնացականեան պատասխանեց նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ հաւանական հանդիպման մը կազմակերպման վերաբերեալ հարցին։ Մնացականեան այս առթիւ յորդորեց չաճապարել։ Արդարեւ, այս ընթացքին նախարարը հեռախօսազրոյցներ ունեցած է զանազան պաշտօնատարներու հետ, որոնք անմիջական դերակատարութիւն ունին այդ գործընթացէն ներս։ «Սա պիտի շարունակուի։ Մենք հաշուարկուած քայլերով պիտի շարունակենք այս գործընթացը։ Անմիջական շփումներ կ՚ըլլան, երբ որ հասնինք այդ պահուն։ Ես չեմ խօսիր ամիսներու մասին, կը խօսիմ շաբաթներու մասին», ըսաւ Մնացականեան ու վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ բանակցութիւններու միջոցաւ մնայուն խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ։ «Մենք մտադիր ենք ընել այն ինչ, որ մինչեւ հիմա եղած է», ընդգծեց Զօհրապ Մնացականեան։

Զօհրապ Մնացականեան ղարաբաղեան հարցին անդրադարձաւ նաեւ երէկ, Հայաստանի խորհրդարանէն ներս՝ յանձնաժողովներու համատեղ նիստին ժամանակ։ «Արցախի որոշիչ ձայնը՝ որպէս հակամարտութեան կողմ, եղած է ու կը մնայ էական գործօն», ըսաւ նախարարը։ Բաց աստի, ան մատնանշեց, որ Հայաստանի նոր կառավարութեան ծրագրին մէջ ակնյայտ պիտի ըլլան ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ ձեւակերպումներ, մանաւանդ Արցախը բանակցութիւններուն ներգրաւելու հարցին շուրջ։

Մինչ այդ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին մասին խօսեցաւ՝ վերջերս Deutsche Welle-ի ռուսական ծառայութեան տուած հարցազրոյցին մէջ։ Այս առթիւ ան յայտարարեց, որ Արցախի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով եւ ինք այլընտրանք չի տեսներ խաղաղ կարգաւորման համար։

Փաշինեան յիշեցուց, որ վերջերս Սոչիի մէջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին այլ հարցերու շարքին անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան հիմնահարցին։ «Այստեղ չկայ որեւէ ուժային լուծման տարբերակ։ Սա ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Ռուսաստանի դիրքորոշումն է։ Օրակարգի վրայ բերի նաեւ Ռուսաստանի կողմէ Ատրպէյճանին տրամադրուած զէնքերուն հարցը։ Կը կարծեմ, թէ մենք շինիչ քննարկում մը ունեցանք», ըսաւ Փաշինեան եւ ընդգծեց, որ Հայաստան խաղաղ երկիր մըն է եւ հայ ազգը՝ խաղաղասէր։ 

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով յայտնեց, որ Պաքու հնարաւոր չի նկատեր Արցախի իշխանութիւններու ուղղակի մասնակցութիւնը հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն։ Անդրադառնալով վերջին օրերուն Երեւանէ հնչած յայտարարութիւններուն՝ Մամէտեարով նշեց, որ այս հարցը վերջերս քննարկած է նաեւ Փարիզի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ։ Ինք համանախագահներուն յայտնած է, որ հայկական կողմի առաջարկը «ծիծաղելի» է։ «Եթէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կ՚առաջարկէ բանակցային գործընթացին Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւնը, ապա կը նշանակէ, որ կը փափաքի վերջ դնել խաղաղ գործընթացին», ընդգծեց Էլմար Մամէտեարով։

ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան 7 Յունիսին պիտի այցելէ Մոսկուա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Պաքուի պաշտօնական աղբիւրներն ալ վերջին օրերուն անդրադարձան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ նոր հանդիպման մը հաւանականութեան։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիքմէթ Հաճիեւ տեղեկացուց, որ այսպիսի հանդիպում մը տեղի կրնայ ունենալ։ Ըստ բանբերին, զանգուածային լրատուութեան միջոցները տեղեակ պիտի պահուին, եթէ այդպիսի տեսակցութեան մը մասին ըլլան առաջարկներ։ Միեւնոյն ժամանակ, իր խօսքով՝ պէտք է ապահովել, որ Հայաստանի զինեալ ուժերուն կողմէ բռնագրաւուած Ատրպէյճանի տարածքները ազատուին եւ տեղահանեալները կարենան վերադառնալ իրենց բնակչութեան վայրերը։

Երկուշաբթի, Յունիս 4, 2018