ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Մեր համայնքը շաբաթավերջին խոր յուզումով հրաժեշտ տուաւ նորոգ հանգուցեալ Ղազարոս Ունանին, որու կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ պատճառեց բոլորին։ Հանգուցեալ Ղազարոս Ունանի յուղարկաւորութիւնը Շաբաթ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր հաւաքուած էր յուղարկաւորներու հոծ բազմութիւն մը։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւս մասնակցութիւն բերին յուղարկաւորութեան, որուն հանդիսապետեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան՝ իր կողքին ունենալով բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։

Հանգուցեալ Ղազարոս Ունանի դագաղը զետեղուած էր լուսաշող տաճարին ճիշդ կեդրոնը՝ մահաբեմին վրայ։ Բոլոր յուղարկաւորները դագաղին շուրջ համախմբուած՝ իրենց վերջին յարգանքը մատուցին հանգուցեալին նկատմամբ։ Ներկաներու շարքին էին բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, մարզական շրջանակներէ գործիչներ, համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բարեկամական շրջանակներէ դէմքեր, որոնք փութացած էին բաժնել Ունան ընտանիքի վիշտը։ Դագաղին շուրջ կերոնակիր էին նոյնպէս մարզական շրջանակներէ ծանօթ դէմքեր։ Շիշլի մարզակումբի ընտանիքն ալ Ղազարոս Ունանի յուղարկաւորութեան տխուր առթիւ շարժման անցած էր ամբողջութեամբ։ Հան-դիսադիր հայր սուրբը խօսեցաւ դամբանական մը՝ վեր առնելով Ղազարոս Ունանի հանրային ծա-ռայութիւնները։

Փառաշուք յուղարկաւորութեան աւարտին հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։

Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի այրիին՝ Տիկին Հայկուհի Ունանի, Տէր եւ Տիկին Կարպիս Ունանի եւ զաւակներուն, նաեւ Շիշլի մարզակումբի ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Յունիս 4, 2018