ԴԻՏԱՐԿՄԱՆ ՇՐՋԱՆ
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ այս շաբաթավերջին փողոց դուրս գալու սահմանափակում չէ նախատեսուած Թուրքիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, 65 տարեկանէ վեր եւ 18 տարեկանէ վար քաղաքացիներու պարագային սահմանափակումները նոյնութեամբ պիտի շարունակուին։ Նախարար Քոճայի խօսքով՝ ընդհանուր որոշում մը չէ առնուած, սակայն ըստ քաղաքներէն հասնելիք տուեալներուն՝ ապագային կրնան սահմանափակումներ հաստատուիլ տուեալ քաղաքի պարագային։
Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ համաճարակի գծով նոր ալիքի մը սպասման մէջ չեն։ Թուրքիոյ հիւանդանոցները պիտի սկսին բնականոն ծառայութիւն մատուցել։ Բազմաբուժարանները պիտի սկսին հիւանդներ ժամադրել յետաձգուած դարմանումներու համար։ Իսթանպուլի մէջ նոր բացուած՝ հրատապ վիճակներու հիւանդանոցներն ալ սկսած են ընդունիլ հիւանդներ։
Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց նաեւ վիճակագրական վերջին տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ 52 հազար 305 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 867 նոր վարակեալ։ Երէկուան դրութեամբ առողջացածներու թիւը եղաւ 931։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 24 վարակեալ մահացաւ Թուրքիոյ մէջ համաճարակի հետեւանքով։