ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԵՒ ԹԱԼԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ արտասովոր շրջան մը կ՚ապրուի՝ զանգուածային բողոքի ցոյցերով եւ անկարգութիւններով ուղղորդուած։ Կը հաղորդուի, որ հարաւային Գալիֆորնիոյ մէջ անկարգութիւններու հետեւանքով տուժած են բազմաթիւ հայ գործարարներ։ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, բողոքի հաւաքները բազմաթիւ քաղաքներու մէջ վերահսկողութենէ դուրս եկած են՝ տեղի տալով զանգուածային անկարգութիւններու։ Հարաւային Գալիֆորնիայէ ներս թալանի, յարձակումներու ենթարկուեցան ձեռնարկութիւններ, վաճառատուներ։ Անոնց շարքին կը գտնուէին նաեւ հայերու պատկանող սեփականութիւններ։

Մինէափոլիսի մէջ մայիսի 25-ին ոստիկաններու կողմէ սպաննուած էր ափրիկէ-ամերիկացի Ճորճ Ֆլոյտ։

Նորթրիճի առեւտրային համալիրէն ներս գործող «Մայքըլզ» ոսկեղէնի եւ արծաթեղէնի վաճառատունը անցեալ շաբաթավերջին յարձակման ենթարկուեցաւ եւ թալանուեցաւ։ Այդ մէկը կը պատկանէր ամերիկահայ Մայք Սարեանի եւ ընտանիքին։ Մայք Սարեան, որ միեւնոյն ժամանակ առողջապահական ընկերութեան մըն ալ նախագահն է, այս մասին տուաւ բացատրութիւններ։ Այսպէս, այդ ոսկերչատունը հիմնուած էր իր հօր կողմէ շուրջ 35 տարի առաջ։ Ուստի, իրենց կորուստը նիւթականէ աւելի բարոյահոգեբանական է։ Յարձակումը տեղի ունեցած է ուշ գիշերին։ Մայք Սարեանի քոյրը տեսախցիկներու միջոցաւ հետեւած է կողոպուտին։ Կողոպտողները երկաթներով կոտրած են վաճառատան ապակիները եւ թալանած՝ այդ պահուն այնտեղ գտնուող իրերը։ Ջարդած են ցուցափեղկերը ու պատճառ դարձած՝ մեծ աւերի։ Սկզբնական հաշուարկներով Սարեաններու վնասը կը հասնի 250 հազար տոլարի մակարդակին։ «Յստակ է, որ յարձակումը արդարութեան պահանջի շարժման հետ կապ չունէր։ Նախ՝ յարձակած են գիշերով եւ տեսանիւթէն պարզ կը դառնայ, որ պատրաստուած էին ու եկած էին յատուկ թալանելու նպատակով», յայտնած է Մայքըլ Սարեան եւ աւելցուցած՝ որ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան եւ սեւամորթներու համար արդարութեան շարժումը միանշանակ ընդունելի է, արդարութիւնը պէտք է հաստատուի, սակայն սա չի նշանակեր, որ պէտք է ըլլան մարդիկ, որոնք առիթէն օգտուին ու ջարդեն, կողոպտեն, հրկիզեն ու անարգեն ձեռնարկատէրերն ու գործատէրերը։ Ըստ իրեն, խօսքը ոչ միայն հայերու մասին է, թէեւ տուժածներու շարքին կարեւոր համեմատութիւն կը կազմեն ամերիկահայ գործարարներ։

Այս ցաւալի օրինակներու շարքին է նաեւ ուրիշ ամերիկահայ գործարարի մը՝ Վազգէն Սամուէլեանի հագուստի վաճառատունը, որ Լոնկ Պիչի մէջ կը գտնուի։ Այդ վաճառատունն ալ նոյնպէս 31 մայիսին յարձակման ենթարկուած եւ հրկիզուած է։

Հարկ է աւելցնել, որ այս յարձակումներէն տուժած հայ գործարարները, ձեռներէցները ամերիկահայ կեանքէն ներս բարի համբաւ ունին նաեւ՝ որպէս բարերար։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020