ԱՅՍՕՐ Կ՚ՈԳԵԿՈՉԵՆՔ ԻՐԱՆԱՀԱՅ ԳՐՈՂ ԳԱԼՈՒՍՏ ԽԱՆԵՆՑԸ

Իրանահայ գրող, բանաստեղծ Գալուստ Խանենց (Լեւոն Խանեան) ծնած է 1910 թուականի յունուարի 25-ին, Իրանի մայրաքաղաքը՝ Թեհրանի մէջ։ Ան 1998 թուականի յունիսի 4-ին, 88 տարեկանին մահացած է իր ծննդավայրին մէջ։

Գալուստ Խանենց նախնական ու միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է պարսկական դպրոցներու եւ Լիսէ Սեն Լուի ֆրանսական վարժարանին մէջ։ Յետագային աշակերտած է ճարտարապետ Մարկար Էլկալի մօտ եւ ուսանած է ճարտարապետութիւն անոր դասընթացներուն։ Ան ստացած է պատուոյ նշան այդ ժամանակի թագաւորէն՝ Կոլեստան պալատի նորոգման ատեն իր կրած նեղութիւններուն համար։ Ան փոքր տարիքին հակած է գրականութեան։ 1928 թուականէն սկսեալ իրանահայ եւ արտասահմանեան պարբերակներուն հետ աշխատակցած է՝ ինքնագիր քերթողներու գործերէն թարգմանութիւններով։

Գալուստ Խանենց եղած է «Նոր էջ» գրական խմբակցութեան հիմնադիր անդամներէն, այս խումբը 1935 թուականին հրատարակած է իր առաջին հատորը «Նոր էջ» անունով, որպէս ժողովածոյ՝ «Իրանահայ երիտասարդ գրողներու»։

1957-1974 թուականներու միջեւ անջատ ութ հատորներով հրատարակուած են իր բանաստեղծութունները՝ «Ամբողջ սրտով» (1957), «Հրաշալի զօրութիւն» «1972), «Բարեւ քեզ մարդ» (1974), «Հայ ժողովուրդի վերածնունդը»։ Պարսկերէնի թարգմանուած են՝ «Հրաշալի զօրութիւն» եւ «Բարեւ քեզ մարդ» հատորները:

Իմաստասիրական հակումներու տրամադիր, լեզուական-արտայայտչական ժուժկալութեամբ ուշագրաւ՝ իր բանաստեղծութիւնները մարդկայնական խորք եւ շունչ ունին, կը բարձրանան ընթացքէն վեր եւ երբեմն կը հասնին թելադրական ներուժութեան։

Գալուստ Խանենց քանիցս մեծարանքի արժանացած է Հայաստանի եւ արտասահմանի շարք մը կազմակերպութիւններու կողմէ։

Գալուստ Խանենցի, իրանահայ կեանքի 1920-1980 վաթսունամեայ տեւողութեան ընթացքին՝ քերթողական, թէ արձակ գրական ստեղծագործութիւններու հասարակաց լարը բնութիւնն է, սէրը, ազգային թախիծը եւ գաւառիկ հայրենասիրութիւնը։ Տասնամեակները ոչինչ փոխած են ապրումի, մտածման, զգացական թէ իմաստասիրական այն ստեղծագործութիւններուն, որոնք կ՚առընչուին մարդու կեանքին եւ, առնուազն, իրենց արտայայտութեան ձեւին հետ որոշ անձնատպութիւն կը բերեն։ Հազուագիւտ են այն անունները, որոնք յանդգնութիւնը ունեցած են կամ ունին թանձր վիպապաշտական խոզակը պատռելու եւ խորքի թէ՛ ձեւի ինքնութեամբ մը՝ հասնելու բանաստեղծական որակի:

Վանենց իր «Գիշեր» բանաստեղծութեան մէջ ներկայացուցած է այն հոգերը, որոնք միշտ կը պաշարեն մարդը եւ ամէն մարդ չի կրնար զերծ մնալ հոգերէ: Այնուհետեւ հեղինակի պատկերաւոր նկարագրութեան շնորհիւ կարծես հեղինակի հետ միասին կը սկսիս զգալ մօտալուտ գիշերուայ շունչը։ Մինչ այդ կը տեսնես շարք մը պատկերներ, որոնք ամբողջութեամբ քու մտահորիզոնին մէջ են եւ կը տարբերին հեղինակի տեսածէն։ Վանենցի հետ կը զգաս այն անգոյն եւ այլանդակ պատկերները, որոնք կը խուժեն եւ կը տանջեն հեղինակի սիրտն ու հոգին։ Հեղինակի բանաստեղծութիւնը ունի խոր փիլիսոփայութիւն, որ թաքնուած է իւրաքանչիւր տողի խորքին եւ կը բացայայտուի միայն մի քանի անգամ կարդալէ ետք։

Ուրբաթ, Յունիս 4, 2021