ԼԻԶՊՈՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԸ

1755 թուականի նոյեմբերի 1-ին Լիզպոնի մէջ պատահեցաւ կործանարար երկրաշարժ մը, որ աւերեց Փորթուգալի մայրաքաղաքը։

Լիզպոնի բնակիչները անհամբերութեամբ կը սպասէին նոյեմբերի 1-ին, որ բոլոր սուրբերու օրն է՝ կաթողիկէներու մեծ ու աւանդական տօնը։ Այդ ժամանակ աշխարհի ամենագեղեցիկ քաղաքներէն մին կը համարուէր Լիզպոնը, որու բնակիչները կը սպասէին տօնախմբութեան։

Առաւօտ էր, մօտաւորապէս 09.30։ Քաղաքի 250 հազար բնակիչներէն շատեր ուղղեցան եկեղեցիներ։ Բոլորի տրամադրութիւնը տօնական էր։ Սակայն ժամերգութեան պահուն յանկարծ ամպրոպի խուլ որոտ մը լսուեցաւ։ Մոմերը ինկան մոմակալներէն, խաչերն ու սրբապատկերները՝ պատերէն, որոնք սկսան ճօճուիլ ու փուլ գալ։ Սարսափած, ոչինչ չհասկցող մարդիկ դուրս վազեցին փողոց. հոյակապ քաղաքը իր աշտարակներով, եկեղեցիներով ու շէնքերով անոնց աչքին առջեւ փուլ կու գար։ Առաջին հարուածին յաջորդեցին եւս երկու աւելի ուժգին ցնցումներ, որոնք քանդեցին քաղաքի կարեւոր շէնքերը։ Հարիւրաւոր մարդիկ մնացին փլած աղիւսէ պատերու բեկորներու տակ։ Վայրկեաններու ընթացքին աւերակներու վերածուած քաղաքի վրայ կախուեցաւ փոշիի թանձր ամպը։ Խելակորոյս մարդիկ կը փորձէին փրկուիլ՝ մտնելով Թեժօ գետը։ Բայց այնտեղ ալ հսկայ ալիքը կլանեց զանոնք եւ քշեց ովկիանոս։ Այս արհաւիրքէն ողջ մնացածներէն շատերն ալ բռնկած եւ քանի մը օր մոլեգնած հրդեհի զոհը դարձան։ 1755 թուականի Լիզպոնի երկրաշարժը 10-15 հազար, իսկ որոշ տուեալներով՝ մինչեւ 30 հազար մարդու կեանք խլեց։ Քանդուած էր 40 եկեղեցի, 38 վանք եւ շուրջ 18 հազար բնակելի շէնք։ Գետինը ճեղքուած էր. յառաջացած 5 մեթր լայնութեամբ ճաքը քաղաքի կեդրոնը երկու մասի բաժնած էր։

Շատեր համոզուած էին, որ սա Աստուծոյ պատիժն էր։ Իսկ գիտնականներն ու հետազօտողները սկսան լրջօրէն մտածել նման երեւոյթներու պատճառներու մասին։

Ուրբաթ, Յունիս 4, 2021