ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԿԵՆԴԱՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ

Մարդը նոյնպէս կենդանական աշխարհի ներկայացուցիչ է։ Աւելի՛ն, մարդը եւ մարդանման կապիկները միասին կը ներառուին միեւնոյն ենթաընտանիքին, որ կը կոչուին հոմինոիտներու ենթաընտանիք։ Սակայն ընդունուած չէ մարդը անուանել կենդանի։ Նոյնիսկ ամենաանուանի կենսաբաններ մարդը կ՚առանձնացնեն կենդանիներէն։

Սակայն, որպէս կենդանի արարած, մարդը նոյնպէս կը դասուի կենդանական աշխարհի շարքին։ Ահա՛, թէ ինչպէ՞ս մարդը կը դասակարգուի համաձայն կարգաբանութեան.

- կենդանիներու թագաւորութիւն,

- ողնաշարաւորներու տեսակ,

- կաթնասուններու դաս,

- փրիմաթներու կարգ,

- հոմինոիտներու (մարդանման կապիկներ) ենթաընտանիք,

- հոմինիտներու ընտանիք,

- հոմօ ցեղ,

- սափիենս տեսակ,

- սափիենս սափիենս ենթատեսակ։

Այս վերջին դասակարգումը (սափիենս սափիենս) կը տարբերի մարդուն աւելի հին տեսակներէն, մասնաւորապէս՝ նէանտերթալ մարդէն։

Քանի որ իւրաքանչիւր կենդանի արարած ունի գիտական անուն մը, որ կազմուած է լատիներէն երկու բառերէն, ուստի մարդը կը կոչուի Homo Sapiens, որ կը նշանակուի՝ «մարդ բանական»։ Աւելի ստոյգ՝ Homo Sapiens Sapiens։

Ուրբաթ, Յունիս 4, 2021