ՇԱՏ ՄԵԾ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Օր մը հինգ կոյր մարդ նստած էին արմաւենիի շուքին՝ Հնդկաստանի Կանկես գետի ափին։ Յանկարծ անոնք ձայն մը լսեցին։ Անոնք չհասկցան, թէ ինչ է՝ մա՞րդ է, թէ՞ իր, բայց զգացին, որ մօտեցաւ իրենց։

-Այդ ո՞վ է, հարցուց առաջին կոյրը։

Ոչ մէկ պատասխան չստանալով՝ ան վեր կանգնեցաւ եւ ձեռքերը առջեւ պարզած՝ գնաց դէպի ձայնը։ Մի քանի քայլ առնելով՝ ան հանդիպեցաւ հարթ, կոշտ ու ամուր բանի մը։

-Սա պատ է, յաղթական բացագանչեց ան։

-Այդքան յիմար մի՛ ըլլար, ըսաւ երկրորդ կոյրը եւ ոտքի ելաւ ու ըսաւ.

-Ո՞վ մեր քիթին տակ պատ պիտի կառուցէր, այն ալ այնպէս, որ մենք չլսէինք։

Ապա ան գնաց դէպի առջեւ ու բախեցաւ ամուր բանի մը, որ ողորկ եւ կպչուն էր։

-Ահա՛,- ուրախացած ըսաւ երկրորդ կոյրը,- այս նիզակ է, կասկած չկայ, հաստատ նիզակ է։

Այն ժամանակ երրորդ կոյրը խօսեցաւ.

-Հը՛, պա՜տ, նիզա՜կ,- ծիծաղեցաւ ան,- ոչ մէկդ ալ բան չէք հասկնար։

Ան գնաց դէպի առջեւ եւ ան հանդիպեցաւ գզգզուած ու երկար բանի մը։

-Սա միայն հին, մաշած պարանի կտոր մըն է,- ծիծաղելով ըսաւ երրորդ կոյր մարդը։

-Ինչե՜ր կը խօսիք,- ըսաւ չորրորդ կոյրը, որ արդէն վեր կանգնած էր նստած տեղէն ու անզգալաբար միացած անոնց։

-Այժմ ես կանգնած ու գրկած եմ այդ բանը, որ այնքան մեծ է, որ մատներս հազիւ կը հասնին իրարու։ Հաստատապէս ըսեմ, որ այս ծառի բուն է։

-Ինչպէս կը տեսնեմ, այս հարցը առանց ինծի չի լուծուիր,- ինքնագոհ ըսաւ հինգերորդ կոյրը եւ նստած տեղէն վեր կանգնեցաւ։

Ան դէպի առջեւ երկարեց ձեռքերը ու ամուր գրկեց երկար ու կախուած բան մը։

-Օգնեցէ՜ք,- խուճապահար բացագանչեց հինգերորդ կոյր մարդը,- այս մէկը օձ է, օձ։

Յանկարծ մէկը այնպէս ուժեղ ծիծաղեցաւ, որ հինգն ալ միասին վեր թռան։ Այդ մէկը տղայ մըն էր, որ ըսաւ.

-Դուք բոլորդ ալ կը սխալիք։ Իրականութեան մէջ դուք հինգդ ալ բռնած էք փիղի մը տարբեր մասերը։ Միայն թէ եթէ այստեղէն տեսնէի՜ք դուք ձեզ. հինգդ ալ այնքա՜ն յիմար տեսք ունիք։

Տղուն ձայնը լսելէ վերջ առաջին կոյրը դադրեցաւ տպտպացնելէ փիղին կողը, երկրորդ կոյրը դադրեցաւ փիղին ժանիքը շօշափելէ, երրորդ կոյրը ձեռքերէն ձգեց փիղին պոչը, չորրորդ կոյրը գիրկէն վար ձգեց փիղին ոտքը, իսկ հինգերորդը ձգեց փիղին կնճիթը։

Եւ այդ օրէն ի վեր հինգն ալ երբեք չվիճաբանեցան։

Ուրբաթ, Յունիս 4, 2021