ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱԼԷԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Երէկ երեկոյեան ընթացք առած Երեւանի պալէի փառատօնը այս օրերուն կը համախմբէ գեղարուեստասէրները։ Փառատօնի ծիրէն ներս առաջին ելոյթը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Թումանեանի այգիին մէջ։ Ծրագիրը այսօր կը շարունակուի Երեւանի կեդրոնին՝ Օփերային յարած Կարապի լիճին շուրջ։ Վաղը նախատեսուած է Թիֆլիզի «Փալիաշվիլի» օփերայի եւ թատրոնի՝ կալա ելոյթը։

Երեքշաբթի, Յունիս 4, 2024