ՄԻՋԱՆՑՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԴՐՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան դէպի Փեքին ուղեւորութեան ծիրէն ներս հիւրընկալուեցաւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եիի կողմէ։ Բանակցութիւններուն զուգահեռ հաղորդուեցաւ, որ Անգարա եւ Փեքին կը խրախուսեն՝ երկու պետութեան ստեղծման հիմքով Պաղեստինի հարցի կարգաւորումը։ Թուրքիա եւ Չինաստան կը նախատեսեն համատեղ աշխատանքը շարունակել՝ Կազզէի մէջ հրադադարի հաստատման համար։

Ֆիտան Փեքինի մէջ մատնանշեց, որ Թուրքիա անվերապահօրէն կը պաշտպանէ Չինաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Անդրադառնալով Ույղուրի թուրքերու բնակած Ուրումչի եւ Քաշքար քաղաքներուն՝ Ֆիտան յայտնեց, որ անոնք թուրք-իսլամական քաղաքներ են։ Անոնք նաեւ Չինաստանի եւ իսլամական աշխարհի միջեւ կամուրջ կը հանդիսանան։ «Ժողովուրդներու միասնականութիւնը մեր հարստութիւնն է», ըսաւ նախարարը։

Ըստ Ֆիտանի բացատրութիւններուն, վերջին բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են հարցեր, որոնք կը վերաբերին Միջին միջանցքի եւ Չինաստանի՝ ճանապարհ-գօտի մեծ ծրագրի համարկման։

Երեքշաբթի, Յունիս 4, 2024