ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՌՆՕ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԿԸ ՍԳԱՅ ԳԱԳԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

Իս­թան­պու­լի Ճատ­րա­կի միու­թիւ­նը կը սգայ Հա­յաս­տա­նի Ճատ­րա­կի դաշ­նակ­ցու­թեան բազ­մա­մեայ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն, «Շախ­մա­տա­յին Հա­յաս­տան» հան­դէ­սի գլխա­ւոր խմբա­գիր Գա­գիկ Յով­հան­նի­սեա­նի մա­հը։ Սա իս­կա­պէս լուրջ կո­րուստ մըն է ճատ­րա­կի աշ­խար­հին հա­մար։ Գա­գիկ Յով­հան­նի­սեան քա­նի մը օր ա­ռաջ մահ­կա­նա­ցուն կնքեց Ե­րե­ւա­նի մէջ, խոր ցաւ յա­ռա­ջաց­նե­լով Հա­յաս­տա­նի ճատ­րա­կի ըն­տա­նի­քին մօտ։

Այս տխուր շար­ժա­ռի­թով խմբագ­րու­թեանս հետ կապ հաս­տա­տեց Իս­թան­պու­լի Ճատ­րա­կի միու­թեան նա­խա­գահ Առ­նօ Կա­րա­պե­տեան, որ յայտ­նեց, թէ ինք եւ իր բո­լոր ըն­կեր­նե­րը մեծ դառ­նու­թիւն ապ­րած են՝ վե­րա­հա­սու դառ­նա­լով Գա­գիկ Յով­հան­նի­սեա­նի կո­րուս­տին։ Ըստ Առ­նօ Կա­րա­պե­տեա­նի, ճիշդ է, որ Գա­գիկ Յով­հան­նի­սեան վիթ­խա­րի ծա­ռա­յու­թիւն­ներ մա­տու­ցած էր՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ ճատ­րա­կի վե­րել­քին հա­մար, սա­կայն ի­րենց տե­սա­կէ­տէ ան նաեւ կը խորհր­դան­շէր շատ ա­ւե­լի տար­բեր կեր­պար մը՝ իր մարդ­կա­յին ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րուն ալ բե­րու­մով։ Ար­դա­րեւ, Առ­նօ Կա­րա­պե­տեա­նի վկա­յու­թիւն­նե­րով, Գա­գիկ Յով­հան­նի­սեան մաս­նա­ւոր ջանք ու ե­ռանդ կը գոր­ծադ­րէր, որ­պէս­զի պոլ­սա­հայ ճատ­րա­կի վար­պետ­նե­րուն եւ Հա­յաս­տա­նի ճատ­րա­կի մեծ ըն­տա­նի­քին մի­ջեւ ստեղ­ծուէր ա­մուր կա­մուրջ մը։ Ան կը զգար, որ այս­պէ­սով կը նպաս­տէր թէ՛ պոլ­սա­հայ հա­մայն­քին եւ թէ Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման։ Ան­ցեալ տա­րի Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Ճատ­րա­կի Եւ­րո­պա­յի ան­հա­տա­կան ա­ռաջ­նու­թեան շրջագ­ծով ան մեծ օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րած էր Թուր­քիոյ կող­մէ ու­ղար­կուած մար­զա­կան պա­տուի­րա­կու­թեան։ Առ­նօ Կա­րա­պե­տեան մե­զի յայտ­նեց, թէ այս մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նե­ցած է ան­ձամբ։ Ան վեր­յի­շեց նաեւ 2012 թուա­կա­նին Իս­թան­պու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Ճատ­րա­կի ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րու օ­րե­րը։ Այդ մրցա­շար­քի ար­դիւն­քին Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը նուա­ճած էր ոս­կէ մե­տայլ, իսկ Առ­նօ Կա­րա­պե­տեանն ու իր ըն­կեր­նե­րը զգա­ցա­կան խտա­ցեալ ապ­րում­ներ ու­նե­ցած էին Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ, նե­րա­ռեալ Գա­գիկ Յով­հան­նի­սեա­նը։

Առ­նօ Կա­րա­պե­տեան ան­ցեալ տա­րի Գա­գիկ Յով­հան­նի­սեա­նին յանձ­նած էր Իս­թան­պու­լի Ճատ­րա­կի միու­թեան կող­մէ յու­շանուէր մը ա­տե­նա­պե­տի հան­գա­ման­քով։ Այ­սօր, իր մա­հուան տխուր հանգ­րուա­նին, ան խոր յու­զու­մով կը յի­շէ, թէ ինչ­պէս այդ մէ­կը կրցած էր ա­նոր հա­զիւ մա­տու­ցել օ­դա­կա­յա­նին մէջ։ Առ­նօ Կա­րա­պե­տեան մե­զի փո­խան­ցեց նաեւ յա­րա­կից լու­սան­կա­րը, ուր Գա­գիկ Յով­հան­նի­սեան կ՚ե­րե­ւի օ­դա­կա­յա­նին մէջ՝ Ճատ­րա­կի հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռաջ­նու­թե­նէն վե­րա­դար­ձին։ Այդ յու­շա­նուէ­րը ի­րեն ներ­կա­յա­ցուած էր առ ի շնոր­հա­կա­լու­թիւն եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն՝ իր ցու­ցա­բե­րած վե­րա­բեր­մուն­քին եւ ա­պա­հո­ված նպաս­տին հա­մար։

Կա­րա­պե­տեան մե­զի յայտ­նեց նաեւ, թէ Հա­յաս­տա­նի Ճատ­րա­կի դաշ­նակ­ցու­թե­նէն ներս ստանձ­նած պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը մեծ բծախնդ­րու­թեամբ կա­տա­րե­լու ա­ռըն­թեր, Գա­գիկ Յով­հան­նի­սեան ջանք չէր խնա­յեր նաեւ իր խմբագ­րած «Շախ­մա­տա­յին Հա­յաս­տան» պար­բե­րա­կա­նի վե­րել­քին հա­մար։ Ան կը վեր­յի­շէ, թէ ինչ­պէս միաս­նա­բար աշ­խա­տանք տա­րած էին, որ­պէս­զի այդ պար­բե­րա­կա­նի բա­ժա­նորդ­նե­րուն թի­ւը ա­ւել­նայ։

Այս ցնցիչ մա­հուան կա­պակ­ցու­թեամբ Առ­նօ Կա­րա­պե­տեան յա­նուն իր ըն­կեր­նե­րուն ա­րա­տա­յայ­տեց իր բի՜ւր յար­գան­քը Գա­գիկ Յով­հան­նի­սեա­նի ան­թա­ռամ յի­շա­տա­կին նկատ­մամբ ու փո­խան­ցեց խո­րազ­գած ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներ՝ ա­նոր հա­րա­զատ­նե­րուն, նաեւ Հա­յաս­տա­նի ամ­բողջ ճատ­րա­կի ըն­տա­նի­քին։

Հարկ է նշել, որ Գագիկ Յովհաննիսեանի հոգեհան-գըստեան արարողութիւնը այսօր տեղի կ՚ունենայ Ե-րեւանի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015