ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ «ԳԷՈՐԳԵԱՆ» ՊԱՐԻ ԱԿԱԴԵՄԻՈՅ 20-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Լոս Անճելըսէն Վարդան եւ Սիրանոյշ Գէորգեանները, որոնք տեղւոյն համանուն պարի ակադեմիոյ հիմնադիրներն են։ Զրոյցի ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց Գէորգեան ընտանիքին կողմէ վերջին քսան տարիներուն ընթացքին հետեւողականօրէն ծաւալուած գործունէութիւնը, որ կարեւոր նշանակութիւն ունի օտար ափերուն մէջ հայապահպանման առումով։
Ընդունելութեան ընթացքին Վարդան Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար ու նշեց, որ նման բարձր գնահատականը նոր ուժ կը հաղորդէ Սփիւռքի մէջ ազգային մշակոյթի ջահը վառ պահելու առումով։
Հարկ է նշել, որ 1995 թուականին հիմնուած է Գէորգեաններու պարի դպրոց-ակադեմիան եւ երէկ երեկոյեան Երեւանի Օփերային մէջ նշուեցաւ անոր 20-ամեայ յոբելեանը՝ փայլուն հանդիսութիւնով մը։