ԽՐԱԽՈՒՍԻՉ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի չոր­րորդ մի­ջազ­գա­յին բժշկա­կան հա­մա­գու­մա­րի մաս­նա­կից­նե­րուն պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեա­նի կող­մէ։ Հարկ է նշել, որ ե­րէկ ար­դէն հա­մա­գու­մա­րի ծրագ­րի վեր­ջին օրն էր եւ Սերժ Սարգ­սեան բժշկա­կան բնա­գա­ւա­ռի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ զրու­ցեց ա­նոնց տա­րած աշ­խա­տան­քի հա­սուն­ցած մի­ջա­վայ­րին մէջ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ող­ջու­նե­լով հան­դիպ­ման մաս­նա­կից­նե­րը՝ Սերժ Սարգ­սեան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ այս հա­մա­գու­մա­րը եւս նա­խորդ­նե­րուն նման պի­տի ա­ռանձ­նա­նայ իր ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ, պի­տի նա­խան­շուին ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ո­լոր­տէ ներս զա­նա­զան ուղ­ղու­թիւն­նե­րով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր հե­ռան­կար­նե­րը։ Սարգ­սեան գո­հու­նա­կու­թեամբ մատ­նան­շեց, որ հա­մա­գու­մա­րի մաս­նա­կից­նե­րուն թի­ւը հետզ­հե­տէ կ՚ա­ւել­նայ ու կ՚ընդ­լայ­նուի աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, ո­գե­ւո­րիչ կը հա­մա­րուի, որ Սփիւռ­քի մէջ բնա­կող եւ նշա­նա­կա­լի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հա­սած հայ բժիշկ­նե­րը ներ­կա­յիս ի­րենց փոր­ձա­ռու­թիւնն ու գի­տե­լիք­նե­րը կը ներդնեն նաեւ Հա­յաս­տա­նի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հա­մա­կար­գի զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Սերժ Սարգ­սեան կա­րե­ւո­րեց հա­մա­գու­մա­րի պար­բե­րա­բար կազ­մա­կեր­պու­մը, ինչ որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ հայ բժիշկ­նե­րուն՝ աշ­խա­տե­լու կողք կող­քի եւ Հա­յաս­տան բե­րե­լու աշ­խար­հի վրայ այդ ո­լոր­տի լա­ւա­գոյն եւ յա­ռա­ջա­դէմ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, խթա­նե­լով բժշկու­թիւնն ու բժշկա­կան ո­րա­կեալ կրթու­թիւ­նը՝ այդ­պէ­սով նպաս­տե­լով Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ բնակ­չու­թեան ա­ռող­ջու­թեան պահ­պան­ման ու ա­նոր տրա­մադ­րուող բժշկա­կան օգ­նու­թեան ո­րա­կի բա­րե­լաւ­ման։

Հան­դիպ­ման մաս­նա­կից­նե­րը Սերժ Սարգ­սեա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցին հա­մա­գու­մա­րի շրջագ­ծով տե­ղի ու­նե­ցած քննար­կում­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ի­րենց մօ­տե­ցում­ներն ու ա­ռա­ջարկ­նե­րը՝ Հա­յաս­տա­նի ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան հա­մա­կար­գի ար­դի խնդիր­նե­րու, ա­նոնց լուծ­ման հա­ւա­նա­կան ու­ղի­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։

Զրու­ցա­կից­նե­րը հա­մա­կար­ծիք գտնուե­ցան, որ ո­լոր­տի բա­րե­փոխ­ման ուղ­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի մէջ իւր­ա­քան­չիւր տա­րի կ՚ար­ձա­նագ­րուին ո­րոշ տե­ղա­շար­ժեր, յա­տուկ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով նաեւ՝ զգա­լի յա­ռա­ջըն­թաց, սա­կայն ժա­մա­նա­կա­կից եւ ո­րա­կեալ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հա­մա­կարգ մը ու­նե­նա­լու ճա­նա­պար­հին տա­կա­ւին զգա­լի աշ­խա­տանք կայ ի­րա­կա­նաց­նե­լու եւ այդ մէ­կը կը ստեղ­ծէ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի մաս­նա­գէտ­նե­րու նե­րու­ժի հա­մախմբ­ման։

Հան­դիպ­ման ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Մու­րա­տեան։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015