ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՒՈՒՇԻ ՄԱՐԶԷՆ ՆԵՐՍ ՊԱՌԱՒԱՔԱՐ-ՎԱԶԱՇԷՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ջան­քե­րով ճա­նա­պար­հա­շի­նու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը կա­նո­նա­ւոր թա­փով կը շա­րու­նա­կուին ամ­բողջ երկ­րէն ներս։ Այս շրջագ­ծով կա՛մ կը վե­րա­նո­րո­գուին գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ճա­նա­պարհ­նե­րը եւ կամ կը կա­ռու­ցուին նո­րե­րը։ «Հիւ­սիս-Հա­րաւ» մայ­րու­ղիի նման շի­նա­րա­րա­կան մեծ ծրագ­րեր յա­ռաջ կը տա­րուին, զու­գա­հե­ռա­բար նաեւ երկ­րի զա­նա­զան շրջան­նե­րուն մէջ ճա­նա­պարհ­նե­րը միշտ են­թա­կայ կը դարձուին խնամ­քի։ Վեր­ջերս նման ծրա­գիր մըն ալ կեան­քի կո­չուե­ցաւ երկ­րի հիւ­սիս-ա­րե­ւել­քի Տա­ւու­շի մար­զին մէջ, որ կը գտնուի Ատրպէյ­ճա­նի սահ­մա­նին։ Այդ շրջա­նէն ներս կա­ռու­ցուած Պա­ռա­ւա­քար-Վա­զա­շէն ճա­նա­պար­հը բա­ցուե­ցաւ վեր­ջին օ­րե­րուն։ Բարձր դիր­քով հա­տուա­ծի մը վրայ, ան­տա­ռա­յին գօ­տիէ մը ներս բա­ցուած ճա­նա­պարհ մըն է այս մէ­կը, որ ո­լո­րապտոյտ է զգա­լիօ­րէն ու լուրջ այ­լընտ­րանք մը կը հան­դի­սա­նայ այդ ուղ­ղու­թեան վրայ ճա­նա­պար­հոր­դող­նե­րուն հա­մար։ Հա­շուի առ­նե­լով մայ­րու­ղիի աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քը՝ շի­նա­րա­րու­թեան ըն­թաց­քին նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­ներ ալ ձեռք առ­նուած են ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար անվ­տան­գու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015