ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ «Տնտե­սա­կան օ­րա­կարգ» խո­րագ­րեալ հա­մա­ժո­ղով մը, ո­րու բա­ցու­մին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան։ Հե­ռուս­տալ­րագ­րող Ար­տակ Ա­լեք­սա­նեա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած բաց­ման նիս­տի միւս ա­տե­նա­խօս­ներն էին նա­խա­րար­ներ՝ Վա­չէ Գաբ­րիէ­լեան եւ Կա­րէն Ճշմա­րի­տեան։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, իր ե­լոյ­թին մէջ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան նշեց, թէ աշ­խար­հի վրայ ո­րե­ւէ տնտե­սու­թիւն չէ վե­րա­կանգ­նուած յո­ռե­տե­սու­թեամբ։ Վեր­ջին շրջա­նին կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան եւ երկ­րէն ներս ի­րա­կա­նա­ցուող տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ հիմ­նա­կան եր­կու մի­տում կը նկա­տուի։ Ա­ռա­ջի­նը յո­ռե­տե­սու­թիւնն է, յու­սա­հա­տու­թիւն, բա­ցա­սա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու տա­րա­ծում։ Երկ­րորդն է՝ բո­լոր խնդիր­նե­րը ար­տա­քին տնտե­սա­կան ի­րադ­րու­թեան, նաւ­թի գի­նե­րու եւ երկ­րէն ան­կախ հան­գա­մանք­նե­րու վրայ բար­դե­լու մի­տու­մը։ Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան մատ­նան­շեց, թէ իր տե­սան­կիւ­նէն այս եր­կու մօ­տա­ցում­նե­րն ալ ա­նըն­դու­նե­լի են հա­ւա­սա­րա­չափ։ Ըստ ի­րեն, աշ­խար­հի վրայ տա­կա­ւին ո­րե­ւէ տնտե­սու­թիւն չէ վե­րա­կանգ-նըւած յո­ռե­տե­սու­թեամբ եւ Հա­յաս­տանն ալ չի կրնար ըլ­լալ բա­ցա­ռու­թիւն։

«Ես ա­մե­նէն լրջու­թեամբ եւ յար­գան­քով կը վե­րա­բե­րիմ ո­րե­ւէ,  նոյ­նիսկ շատ սուր քննա­դա­տու­թեան, որ կ՚ըլ­լայ հիմ­նա­ւո­րուած ու փաս­տար­կուած։ Ես պատ­րաստ եմ ան­ձամբ հան­դի­պիլ նման քննա­դա­տու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րուն, միա­սին կէտ առ կէտ քննար­կե­լու ը­սուած­նե­րը եւ ին­չու չէ՝ ա­նոնց հի­ման վրայ մեր ծրագ­րե­րուն մէջ ուղ­ղում­ներ եւ սրբագ­րու­թիւն­ներ մտցնե­լը», ը­սաւ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն հի­ման վրայ հեր­թա­կան ան­գամ բիւ­րե­ղա­ցած է պե­տու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու նկատ­մամբ հան­րա­յին վստա­հու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Այդ վստա­հու­թեան հաս­նե­լու լա­ւա­գոյն ճա­նա­պարհն է երկ­խօ­սու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015