ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻ ՊԱՇԱՐ

Աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէ­րի եւ «Տո­ղուշ» խմբա­կին մի­ջեւ գո­յա­ցաւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը, ո­րու հի­ման վրայ ստո­րագ­րուե­ցաւ նաեւ հա­մա­պա­տաս­խան փաս­տա­թուղթ մը։ Այս­պէս, «Տո­ղուշ»ի ա­ջակ­ցու­թեամբ պի­տի հիմ­նուի Թուր­քիոյ ա­ռա­ջին լու­սան­կա­րի թան­գա­րա­նը, որ պի­տի ու­նե­նայ մի­ջազ­գա­յին բնոյթ։ Այս թան­գա­րա­նը պի­տի ցո­լաց­նէ լու­սա­նկար­չու­թեան աշ­խար­հի ե­րի­ցա­գոյն­նե­րէն Ա­րա Կիւ­լէ­րի ա­րուես­տը, որ­պէս ա­րուես­տա­գէտ՝ ինք­նու­թիւ­նը, գե­ղա­րուես­տա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, բո­լոր գոր­ծերն ու պա­շա­րը։

Հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան Ա­րա Կիւ­լէր, «Տո­ղուշ»ի նա­խա­գահ Ֆե­րիտ Շա­հենք եւ գլխա­ւոր գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Հիւս­նիւ Աք­հան։ Այս ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը բնո­րո­շեց նաեւ սոյն ծրագ­րին սկիզ­բը։

Ֆե­րիտ Շա­հենք յայտ­նեց, որ ստեղ­ծուե­լիք թան­գա­րա­նին շնոր­հիւ Ա­րա Կիւ­լէ­րի բո­լոր գոր­ծե­րը պի­տի առ­նուին պաշտ­պա­նու­թեան տակ եւ ի­րենց նպա­տակն է իր ա­րուես­տը փո­խան­ցել նաեւ յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն։ «Շարք մը գոր­ծու­նէու­թիւն յա­ռաջ պի­տի տա­նինք՝ որ­պէս­զի Ա­րա Կիւ­լէ­րի ար­դար ար­ժէ­քը թէ՛ մեր երկ­րին եւ թէ՛ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ հասկ­նա­լի դառ­նայ ա­ւե­լի մեծ զան­գուած­նե­րու կող­մէ, ճանչ­ցուի եւ փո­խան­ցուի սե­րուն­դէ սե­րունդ։ Թուր­քիոյ մի­ջազ­գա­յին բնոյ­թով ա­ռա­ջին լու­սան­կա­րի թան­գա­րա­նին պի­տի վե­րա­ծուի Պէ­յօղ­լուի այն շէն­քը, ուր Ա­րա Կիւ­լէր ծնած, մեծ­ցած ու շրջան մը որ­պէս աշ­խա­տա­նոց օգ­տա­գոր­ծած է զայն։ Այդ վայ­րը պի­տի դառ­նայ Թուր­քիոյ կա­րե­ւո­րա­գոյն գե­ղա­րուես­տա­կան ձգո­ղա­կա­նու­թեամբ տա­րածք­նե­րէն մին», ը­սաւ Շա­հենք այս առ­թիւ։

Թան­գա­րա­նին մէջ պի­տի ներ­կա­յա­ցուին Ա­րա Կիւ­լէ­րի անձ­նա­կան գիր­քե­րը, նօ­թագ­րու­թիւն­նե­րը, յի­շա­տակ-ա­ռար­կա­նե­րը, մրցա­նակ­նե­րը, պաս­տառ­նե­րը, ի­րե­րը, ժո­ղո­վա­ծո­նե­րը եւ այլն։ Հիմ­նադ­րու­թեան փու­լին «Տո­ղուշ» խմբա­կը Թուր­քիա­յէն եւ ար­տա­սահ­մա­նէն մաս­նա­գէտ­նե­րու խոր­հուր­դին պի­տի դի­մէ, իսկ թան­գա­րա­նի ղե­կը պի­տի յանձ­նուի մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կով խում­բի մը։

Ծա­նօթ է, որ Ա­րա Կիւ­լէ­րի եւ «Տո­ղուշ»ի մի­ջեւ նա­խա­պէս ալ գո­յա­ցած էր հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը, որ սա­կայն ան­մի­ջա­պէս վերջ յայ­տա­րա­րուած էր ան­վա­ւեր։ Ինչ­պէս այդ մէ­կը, այս վեր­ջին հա­մա­ձայ­նու­թիւնն ալ լայն ար­ձա­գանգ գտած է տե­ղա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօ­տ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016