ԳԷՈՐԳԵԱՆԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՊԱՇՏՕՆ

Ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան Ռայմոն Գէորգեան կարեւոր պաշտօն մը ստանձնեց Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառի հիմնարկէն ներս։ Այսպէս, ան ընտրուեցաւ այդ հիմնարկի նախագահը։ Ծիծեռնակաբերդի թանգարանէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-կաճառ» հիմնարկի խորհուրդի անդրանիկ նիստը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նիստին ներկայ Հոգաբարձուներու խորհուրդի 11 անդամները միաձայնութեամբ հիմնարկի նախագահ ընտրեցին Ռայմոն Գէորգեանը։ Վլատիմիր
Վարդանեան նշանակուեցաւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի քարտուղար: Նիստը վարեց
խորհուրդի անդամներէն ամենատարեցը՝ Հրանոյշ Խառատեան, որ տեղեկացուց, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանագրով արդէն հաստատուած է Հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմը:

Նիստի ընթացքին որոշուած է մրցոյթ յայտարարել «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-կաճառ»ի տնօրէնի պաշտօնին համար: Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան փոխ-նախարար Յովհաննէս Յովհաննիսեան առաջարկեց այդ պաշտօնը առժամաբար յանձնել կաճառի գիտական քարտուղար Նարինէ Մարգարեանին, ինչ որ միաձայնութեամբ հաւանութեան արժանացաւ։

Ռայմոն Գէորգեան երկար տարիներ եղած է Փարիզի Նուպարեան գրադարանի տնօրէնը։ Ֆրանսական ակադեմական շրջանակներէ ներս հեղինակաւոր անուն մըն է ան։ Ունի բազում ուսումնասիրութիւններ, գիտական յօդուածներ եւ գիրքեր։

 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 4, 2018