ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԸ ՄԻՇՏ ԿԸ ԲՆՈՐՈՇՈՒԻ ԳԱՅԹԱԿՂԵՑՈՒՑԻՉ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

Հայաստանի գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները կը շարունակեն բնորոշել երկրին օրակարգը։ Աղմկայարոյց բացայայտումներու եւ ձերբակալութիւններու մթնոլորտին մէջ երէկ շատ կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան երկրէն ներս։ Ինչպէս հաղորդած էինք, օրուան սկիզբին ձերբակալուած էր գործարար ու երեսփոխան Գագիկ Ծառուկեանի թիկնազօրի պետը։ Աւելի վերջ օրուան տեւողութեան Երեւանէն հասան այլ զանազան ուշագրաւ լուրեր։ Այսպէս, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան հարցաքննուեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ ու ձերբակալուեցաւ։ Ան կը մեղադրուի 2016 թուականէն մինչեւ այսօր համացանցային խաղարաններ շուրջ 130 միլիոն հայկական դրամ փոխանցած ըլլալուն համար։

Հայաստանի դատական պատկան մարմինները երէկ շարժման անցան նաեւ 1-2 մարտ 2008 թուականին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերու հետաքննութեան ուղղութեամբ։ Այս ծիրին մէջ որպէս մեղադրեալ գործին ներգրաւուեցաւ նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն Միքայէլ Յարութիւնեան, որ նախարարի պաշտօնէն հեռանալէ վերջ ալ եղած էր գլխաւոր ռազմական տեսուչ՝ նախագահական աշխատակազմի համակարգէն ներս։ Միքայէլ Յարութիւնեանի համար յայտարարուեցաւ հետախուզում։

Մարտի 1-ի գործով Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութիւնը հարցաքննութեան հրաւիրեց նաեւ հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը։ Հարկ է նշել, որ Ռոպերթ Քոչարեան ներկայիս կը գտնուի երկրէն դուրս։

Բաց աստի Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի հետախուզական վարչութիւնը երէկ խուզարկումներ իրականացուց երկրի շարք մը մեծ ընկերութիւններէն ներս. օրինակ՝ «Սփայքա», «Կրինփրոտաքտ», «Վիլիչ Կրուփ» եւ այլն։ Այս բոլոր մեծ ընկերութիւններու գլուխը թուղթի վրայ պաշտօնապէս կը գտնուին զանազան գործարարներու անուններ, սակայն հանրային կարծիքը տեղեակ է, որ այդ բոլորը ուղղակիօրէն առընչութիւն ունին նախկին բարձրաստիճան իշխանաւորներու հետ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 4, 2018