ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԿԻՊՐՈՍ, ՊԱՔՈՒ ԵՒ ՊՐԻՒՔՍԵԼ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շրջանին պիտի իրականացնէ շարք մը արտասահմանեան ուղեւորութիւններ։ Յունիսի 24-ի ընտրութիւններէն վերջ արդէն աստիճանաբար կը յստականայ Էրտողանի արտասահմանեան այցերու ժամանակացոյցը։ Ըստ Անգարայէ հասած լուրերուն, 11-12 յուլիսին Էրտողան պիտի մասնակցի ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու գագաթաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսելի մէջ։ Պրիւքսել մեկնելէ առաջ Էրտողան ընտրութիւններուն՝ իր վերընտրութեան յաջորդող առաջին արտասահմանեան այցերը պիտի տայ դէպի Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն եւ Ատրպէյճան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 4, 2018