ՍԱՀԱԿ ՍՐԲԱԶԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ
Գումգաբուի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան Եկեղեցականաց համագումարը։ Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթ մը յապաղումով գումարուեցաւ այս ժողովը, որու օրակարգին վրայ էր տեղապահի ընտրութիւն։ Միշաբաթեայ այդ ակամայ յետաձգումը, Եկեղեցականաց համագումարի թուականի ստիպողական փոփոխութիւնը ծնունդ տուաւ ահաւոր լարուածութեան մը։ Ուրեմն, այդ բոլորով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր հայրերը այս առաւօտ հաւաքուեցան Գումգաբուի մէջ։
Ժամը 10.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ կատարուցաւ ժամերգութեան արարողութիւն՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ։ Ժամերգութեան աւարտին հոգեւորականաց դասը հաւաքաբար ուղղուեցաւ Մայր եկեղեցիէն դէպի Պատրիարքարանի դահլիճը։
Եկեղեցականաց համագումարը տեղի ունեցաւ դռնփակ։ Ժողովին նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշան, որու կողքին էր Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ըստ էութեան, օրակարգի միակ նիւթն էր պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւնը։ Ժողովի սկիզբին կազմուեցաւ դիւան մը։ Ընտրուեցաւ նաեւ քուէախոյզ յանձնախումբը։ Այս բոլորէն վերջ համագումարի մասնակիցները գաղտնի քուէարկութեան ձեռնարկեցին ընտրելու համար տեղապահը։ Հուսկ, տեղապահ ընտրուեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ պատրիարքական ընտրութեան յառաջիկայ գործընթացի տեւողութեան պիտի ըլլայ համակարգին գլուխը։
Այսպէսով պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին անկիւնադարձային քայլ մը եւս առնուած կ՚ըլլայ։ Նախընտրական գործընթացը փուլ առ փուլ յառաջ կը տարուի՝ Աթոռը 85-րդ գահակալով օժտելու առաջադրութեամբ։ Պատրիարքական տեղապահի պաշտօնի կոչուած ըլլալը անմիջապէս կը տեղեկացուի թէ՛ պետական իշխանութիւններուն եւ թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։
Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման յաջորդած քառասնօրեայ սուգի շրջանի աւարտին Կրօնական ժողովը գումարուելով սկիզբը դրած էր Աթոռի նոր՝ 85-րդ գահակալի ընտրութեան գործընթացին։ Կրօնական ժողովը ձայներու մեծամասնութեամբ որոշած էր պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը յառաջ տանիլ ընդհանուր փոխանորդի գլխաւորութեամբ՝ վերջին տասնամեակին ձեւաւորուած գործնականութեան ի շարունակութիւն։ Ժողովէն անմիջապէս վերջ նոր պատրիարքի ընտրութեան ձեռնարկելու համար պաշտօնապէս դիմում կատարուած էր Իսթանպուլի կուսակալութեան։ Երբ այդ դիմումին գրաւոր պատասխանը կ՚ակնկալուէր, անցեալ մայիսի 13-ին անակնկալօրէն Պատրիարքարան այցելած էր Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու՝ ընկերակցութեամբ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայայի։ Կրօնական ժողովի անդամներուն առընթեր այդ այցելութեան ներկայ եղած էր նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Այս այցելութիւնը ձեւով մը պատրիարքական ընտրութեան համար կատարուած պաշտօնական դիմումի առաջին արձագանգը եղած էր։ Նախարար Սիւլէյման Սոյլու յայտնած էր, որ մինչ գրաւոր պատասխանին ուղարկուիլը, պետութեան առաջին արժեւորումը եղած էր այն, որ աւելի նպատակայարմար է գործընթացի մեկնարկը տալ տեղապահի մը ընտրութեան։ Սիւլէյման Սոյլու փափաք յայտնած էր, որ տեղապահի ընտրութիւնը կազմակերպուէր անցեալ շաբաթավերջին կրկնուած Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութենէն անմիջապէս վերջ։ Կրօնական ժողովը որոշած էր ընթացք տալ նախարարի փափաքին՝ ամենայն ներդաշնակութեամբ ընթանալու համար պետական իշխանութիւններուն հետ։ Քանի որ նախարարին կողմէ պահանջուած էր յուլիսի 23-էն անմիջապէս վերջ տեղապահի ընտրութեան կազմակերպումը, Կրօնական ժողովը որոշած էր յունիսի 27-ին ժողովի հրաւիրել Եկեղեցականաց համագումարը։
Այս բոլորէն վերջ Իսթանպուլի կուսակալութենէն յունիսի 26-ի յետմիջօրէին Պատրիարքարան հասած պաշտօնական գրութիւնը իսկապէս եղած էր մեծ անակնկալ մը։ Մետասաներորդ պահուն ծագած հարցը կայծակնային արագութեամբ տարածուած էր մեր համայնքէն եւ ընդհանրապէս հայաշխարհէն ներս։ Աստիճանաբար մանրամասնութիւններն ու պատճառները յայտնի դարձած էին որոշ չափով՝ ծնունդ տալով նաեւ մեծ փոթորիկի մը։
Յամենայնդէպս, այս բոլորէն վերջ տեղապահի ընտրութիւնը կատարուեցաւ այս առաւօտ՝ պատկան իշխանութիւններուն կողմէ թելադրուած ժամկէտով։ Հարկ է յիշեցնել, որ տեղապահի անխուսափելի թեկնածուներն էին Պատրիարքական Աթոռի քաղաքիս մէջ՝ տեղւոյն վրայ պաշտօնավարող երկու սրբազանները՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ու Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը։