ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՄԵՐԳ

Հայաստանի սիմֆոնիք նուագախումբը Հայկ Մելիքեանի կատարմամբ առցանց կը հնչեցնէ Արամ Խաչատրեանի դաշնակի քոնչերթոն։ Այսպէս, Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը կը շարունակէ առցանց համերգներու շարքը։ Նուագախումբը յառաջիկայ յուլիսի 9-ին, Հայաստանի ժամով 19.00-ին, «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին վրայ կը ներկայացնէ Արամ Խաչատրեանի Դաշնակի քոնչերթոն, որ կը հնչէ ծանօթ դաշնակահար Հայկ Մելիքեանի կատարմամբ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ համերգը կը ղեկավարէ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեան։

Առցանց ցուցադրութեան յատուկ հիւրերն են «ԴասA» կրթամշակութային նախագծի մասնակիցները։ Ցուցադրութեան կրնաք հետեւիլ նաեւ «DAS A» յաւելուածի միջոցով։

Պատանիներու մշակութային կրթութեան ուղղուած «ԴասA» նախագիծը միտուած է կրթութեան բնագաւառին մէջ նոր մօտեցումներով հանդէս գալու, որու շնորհիւ պատանիներու շրջանակներէն ներս կը ծանօթացուի դասական, ազգային արուեստը, կը սերմանուին բարձր արժէքներ:

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2020