ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԿԸ ՆՈՒԱԶԻ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալներու պարագային որոշ չափով դրական միտումները կը շարունակուին։ Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց վերջին օրուան տուեալները։ Այսպէս, նախարար Ֆահրետտին Քոճա  տեղեկացուց, որ երէկ Թուրքիոյ մէջ 52 հազար 141 քննութիւն կատարուած է եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած՝ 1172 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 19 հոգի զոհ գացած է համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղած է 1313։ 

Այս տուեալներու լոյսին տակ Ֆահրետտին Քոճա ընդգծեց, որ քորոնաժահրի համաճարակը կը ծաւալի շատ արագ, ուստի նոր վարակեալներու թիւին նուազումը կը կարօտի որոշ ժամանակի։ Ըստ նախարարին, վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին հիւանդանոցներէ ներս դարմանման ենթարկուածներու տարիքի միջինը եղած է 46.7։ Վերջին շաբթուան ընթացքին նոր վարակեալներու 11.13 տոկոսը եղած է 65 տարեկանէ վեր։ Նոյնպէս համաճարակի հետեւանքով մահացածներու 70 տոկոսէն աւելին ալ նոյն տարիքային խմբաւորման կը պատկանի։ 

Նախարար Ֆահրետտին Քոճայի կողմէ հրապարակուած վերջին տուեալներով՝ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ 1082 հիւանդ կը գտնուի խտացեալ խնամքի տակ, իսկ 374 հիւանդ ենթակայ է արհեստական շնչառութեան սարքերու։ Ցայսօր Թուրքիոյ մէջ առողջացածներու թիւը հասած է 178 հազար 278-ի։ 

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2020