ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԼՈՆՏՈՆԷՆ 30 ՀԱԶԱՐ ՆՈՐԱՐԱՐԱԿԱՆ ԴԻՄԱԿ

Ալեքսանտր եւ Կէորկի Ձաւարեան եղբայրները, որոնք կ՚ուսանին Լոնտոնի մէջ, իրենց կարեւոր նպաստը բերած են Հայաստանէ ներս քորոնաժահրի համաճարակի դէմ մղուած պայքարին։ Այսպէս, անոնք պատ-րաստած են 30 հազար հատ նորարարական դիմակ։

Waldheim International-ի հաղորդումներով, Ալեքսանտր եւ Կէորկի Ձաւարեանները ժամանակաւոր արտադրամասի վերածած են իրենց դպրոցի մէկ անկիւնը եւ առողջապահութեան ոլորտի աշխատողներու համար երեսապատման պաշտպանիչ դիմակներու արտադրութիւն իրականացուցած են։ Երիտասարդները սկիզբին այդ դիմակները տպած են իրենց դպրոցի 3D տպիչով։ Այնուհետեւ crowdfunding-ի (զանգուածային գանձատրում՝ արդի հանգանակութեան ձեւաչափով) շնորհիւ հայթայթուած միջոցներով անոնք ստեղծեցին դիմակներու մեծաքանակ արտադրութեան սարքաւորում մը։ Ձաւարեաններու կողմէ այսպէսով Հայաստանի առողջապահութեան համակարգին համար պատրաստուեցաւ 30 հազար դիմակ։ Երէկ, Լոնտոնէն արդէն այդ դիմակները ճանապարհ դուրս եկան ու կը նախատեսուի, որ տասն օրուան ընթացքին հասնին Հայաստան։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2020