ՌԱԶՄԻԿ ԴԱՒՈՅԵԱՆԻ 80-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Գրող, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ Ռազմիկ Դաւոյեան արդէն դարձած է 80 տարեկան։ Գրական շրջանակները եւ իր արուեստի համակիրները կ՚ողջունեն Ռազմիկ Դաւոյեանի յոբելեանը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ շնորհաւորական մը ուղարկեց Ռազմիկ Դաւոյեանին ծննդեան 80-ամեակին առթիւ։ Քաջառողջութիւն եւ լաւատեսութիւն մաղթելով գրողին՝ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորականին մէջ նշեց հետեւեալը.

«Ձեր ստեղծած գրականութիւնը այն ոգեղէն հացն է, որու շնորհիւ տասնամեակներէ ի վեր ընթերցողը կը շփուի իրական ու երեւակայական ինքնատիպ աշխարհի մը հետ. աշխարհ, ուր կան խոհ ու սէր, ուր կայ կենսական ուժանիւթ, ուր կայ յիշողութիւն եւ այս բոլորի բարձրակէտին են Աստուածն ու Մարդը»։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2020