ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ՁԳՁԳՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թիֆլիզ, ուր հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլիի կողմէ։ Բացի իր պաշտօնակցին հետ բանակցութիւններ վարելէ, Արարատ Միրզոյեան ընդունուեցաւ նաեւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը արժեւորեցին նաեւ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ խնդիրներ։ Միրզոյեանի այցելութեան ժամանակ Երեւան Թիֆլիզի հարթակը օգտագործեց հերթական անգամ Անգարային փոխանցելու համար իր պատգամը։ Այսպէս, Միրզոյեան յայտնեց, որ Հայաստան կը վերահաստատէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պատրաստակամութիւնը։ Միրզոյեան կրկնեց նաեւ Պաքուին ուղղեալ քննադատութիւնները։ Իր խօսքով՝ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները մէկ կողմէ կ՚ընթանան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի հաստատման շուրջ, իսկ միւս կողմէ նոր խոչընդոտներ կը ստեղծուին այդ փաստաթուղթի ստորագրումը ձգձգելու համար։ «Մենք կը տեսնենք նոր, վստահաբար կրնամ ըսել արհեստական խոչընդոտներ կը ստեղծուին գործընթացը երկարաձգելու համար, բայց մենք կը շարունակենք հաւատալ, թէ իսկապէս կայ պատմական հնարաւորութիւն տարածաշրջանէն ներս երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու համար», ըսաւ ան։

Հարկ է յիշեցնել, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախօրէին Հայաստանի հետ համաձայնութեան համար նոր ձեւաչափ մը առաջարկած էր՝ հիմնական սկզբունքներու նախաստորագրում։ Ան երկար ժամանակէ ի վեր կը պնդէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան ուղղութեամբ։ Արարատ Միրզոյեան Թիֆլիզի մէջ յայտարարեց, որ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը տարածաշրջանային խաղաղութեան համար յաւելեալ գործօն մը կը դառնայ։ Ան յիշեցուց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առաջին անգամ Թիֆլիզի մէջ ներկայացուցած էր՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։

Իր կարգին, Տարչիաշվիլին ալ նշեց, որ Հայաստանն ու Վրաստանը կ՚աջակցին իրարու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան։ Իր խօսքով՝ Վրաստան կ՚ողջունէ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացի սկիզբը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2024