ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԲԱՂԱԴՐԻՉ
Հայաստանի Պաշտպանութեան առաջին փոխ-նախարար Դաւիթ Տօնոյեան վերջերս այցելեց Ուաշինկթըն, ուր շփումներ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան շրջանակներէն ներս։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Դաւիթ Տօնոյեան այս առթիւ յայտնեց, թէ ԱՄՆ-ի հետ համագործակցութիւնը կը փոխլրացնէ Ռուսաստանի հետ համագործակցութիւնը ի շահ Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդման։ Ըստ իրեն, ամերիկեան կողմը հետաքրքրուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս խաղաղութեան պահպանման ու պատրաստ է աջակցիլ համապատասխան կանխարգիլման դրութիւններու ներդրմամբ։ Թէ՛ Պետական քարտուղարութեան եւ թէ Փենթակոնի մօտ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին Տօնոյեան ամերիկացի պաշտօնատարներուն հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի պահպանման միջոցներու ուժեղացումը։ Փոխ-նախարարին խօսքերով, բանակցութիւններու ընթացքին յայտնի դարձած է, որ Ուաշինկթընի իշխանութիւնները անհրաժեշտ կը նկատեն ուժեղացնել բոլոր միջոցները, որոնք կրնան ըլլալ կանխարգելիչ՝ իրավիճակը ռազմական ուղիով տանելու տեսանկիւնէն։ Կանխարգիլման հաւանական միջոցներու շարքին Տօնոյեան թուարկեց միջազգային դիտորդներու համար սահմանային դէպքերու հետաքննութեան լիազօրութեան շնորհուիլը։ Սա թոյլ պիտի տայ կանխել հրադադարի խախտումները, պատժել մեղաւորները եւ գուցէ նաեւ կողմերուն միջեւ ձեւաւորել վստահութեան մթնոլորտ։ Այլ դրութիւն մըն ալ զօրքերու շփման գծին վրայ միջազգային դիտորդներու հովանաւորութեան ներքեւ հսկող համակարգերու տեղադրումն է։ Սա հնարաւորութիւն պիտի տայ հասցէագրել զինադադարի խախտման իւրաքանչիւր դէպք։ «Սա շատ լուրջ կանխարգելիչ միջոց մըն է, շատ լուրջ, բան մը ընելէ առաջ պիտի մտածեն՝ ընե՞ն, թէ չընեն», ըսաւ Տօնոյեան։
Ուաշինկթընեան բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած այլ հարցերուն անդրադառնալով՝ Դաւիթ Տօնոյեան ընդգծեց, որ Հայաստան ԱՄՆ-ի հետ պիտի համագործակցի պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս բարեփոխումներ իրականացնելու եւ հայ խաղաղապահներու աշխատանքը ապահովելու ոլորտներէն ներս։ Ծանօթ է, որ ներկայիս հայ զինուորները խաղաղապահ դերակատարութիւն կ՚իրականացնեն Աֆղանիստանի, Քոսովայի եւ Լիբանանի մէջ, նաեւ շուտով կրնան մեկնիլ Մալի։ Ամերիկեան կողմը շատ բարձր կը գնահատէ հայ խաղաղապահներուն որակները։ Միեւնոյն ժամանակ Հայաստան պատրաստակամութիւն յայտնած է ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ խաղաղապահ գործողութիւններ իրականացնող մասնագիտացեալ ուժեր տրամադրելու ուղղութեամբ։ «Սա մեր տեղակայելի դաշտային հիւանդանոցն է իր անձնակազմով, սա կը վերաբերի մեր ճարտարապետական կարողութիւններուն, ականազերծողներուն», օրինակներ թուարկեց Տօնոյեան։
Խօսելով Հայաստան-ԱՄՆ եւ Հայաստան-Ռուսաստան սերտ յարաբերութիւններուն մասին ռազմական ոլորտէն ներս՝ Դաւիթ Տօնոյեան ընդգծեց, որ այս հարցին մէջ որեւէ հակասութիւն գոյութիւն չունի։ ԱՄՆ-ի հետ համագործակցութիւնը Հայաստանի անվտանգութեան բաղադրամասերէն մին է։ «ԱՄՆ-ի համագործակցութիւնը կը փոխլրացնէ հայ-ռուսական համագործակցութիւնը ի շահ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ամրապնդման», յայտարարեց Տօնոյեան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս Դաւիթ Տօնոյեան մէկտեղուեցաւ փոխ-նախարարներ՝ Ճերըմի Պրենէրի, Ռոպ Պերշինսքիի, Ճոն Հեֆերնի, Թոտ Չափմանի հետ։ ԱՄՆ-ի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի տարածքաշրջանային հարցերու տնօրէններուն՝ Սելեստ Ոլանտէրի եւ Վիքթորիա Թէյլըրի հետ ալ տեսակցած է Դաւիթ Տօնոյեան։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ այս հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են միջազգային եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր, պաշտպանական բնագաւառէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները եւ համատեղ ծրագրերու իրականացման ընթացքը։ Կողմերը վերահաստատած են թէ՛ երկկողմանի եւ թէ միջազգային կառոյցներու՝ ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի շրջանակներէն ներս համատեղ յանձնառութիւններու կատարման եւ նոր յանձնառութիւններու ստանձնման պատրաստակամութիւնը։ Ամերիկեան կողմը հաստատած է, որ հետամուտ պիտի ըլլայ շարունակելու աջակցիլ ներկայիս ձեռնարկուած բոլոր ծրագրերուն եւ նոր նախաձեռնութիւններուն՝ բարձր գնահատելով պաշտպանական բարեփոխումներու, փոխադարձ գործունակ կարողութիւններու զարգացման, զինեալ ուժերու մօտ մարդու իրաւանց ամրապնդման ծրագրերու շրջանակներէն ներս արձանագրուած ձեռքբերումները։