ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԵՏԱՅԼՆԵՐ

Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րը ա­ռա­ջին իսկ քայ­լա­փո­խին ար­դէն վառ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նան։ Նա­խորդ գի­շեր կազ­մա­կեր­պուած բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ ար­դէն սկսած են մրցում­նե­րը։ Մինչ այդ, Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգըսեան ե­րէկ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը սար­քեց Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րուն առ­թիւ։ Ե­րե­ւա­նի նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­ւա­քոյ­թը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մը բնոյ­թը կը կրէր։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան հիւ­րըն­կա­լեց Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, հո­վա­նա­ւոր­նե­րը եւ պա­տուոյ հիւ­րե­րը։ Ըն­դու­նե­լու­թե­նէն ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րու կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ ներդ­րուած նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դին հա­մար Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րե­րով խումբ մը ան­ձեր պար­գե­ւատ­րուե­ցան Ե­րախ­տա­գի­տու­թեան մե­տայ­լով։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի կար­գադ­րու­թեամբ խումբ մը ան­ձե­րու ալ յանձ­նուե­ցան շնոր­հա­կա­լագ­րեր՝ Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րու կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ ու­նե­ցած գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար։ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէի նա­խա­գահ Իշ­խան Զա­քա­րեանն ալ ներ­կայ էր այս պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։

Ե­րէ­կուան հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին պար­գե­ւատ­րեալ­նե­րու շար­քին էին նաեւ մեր հա­մայն­քի ծա­նօթ դէմ­քե­րէն Էֆ­րիմ Պաղ եւ մե­ներգ­չու­հի Սի­պիլ, ո­րոնք Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ձե­ռամբ ստա­ցան ե­րախ­տա­գի­տու­թեան մե­տայլ։

Հարկ է նշել, որ Էֆրիմ Պաղ Համահայկական վեցերորդ խաղերուն մասնակից «Սասուն» խումբի պատասխանատուներէն է, իսկ Սիպիլ մեներգած է Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, որ սփռուած էր նաեւ հեռատեսիլէն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2015