ԸՍՏ ՃՈՆ ՔԵՐԻԻ, ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ԿՆՔՈՒԱԾ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՒԵԼ ԱՆՎՏԱՆԳ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԸ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի յայ­տա­րա­րեց, որ Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ ա­պա­հո­վուած հա­մա­ձայնու­թիւ­նը տա­րած­քաշր­ջա­նը պի­տի դարձ­նէ անվ­տանգ։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ուա­շինկ­թը­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այս շրջա­նին կը ձգտի հա­մո­զել իր Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի դաշ­նա­կից­նե­րը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Ճոն Քե­րի վստա­հե­ցուց, թէ շնոր­հիւ Ի­րա­նի հետ ա­պա­հո­վուած հա­մա­ձայ­նու­թեան՝ տա­րած­քաշր­ջա­նի բո­լոր եր­կիր­նե­րը պի­տի դառ­նան ա­ռա­ւել անվ­տանգ։ «Չի կրնար ո­րե­ւէ հարց ըլ­լալ, որ ե­թէ այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցուի, ա­պա ի­րա­վի­ճա­կը պի­տի նմա­նի Ե­գիպ­տո­սի կա­ցու­թեան», ը­սաւ Ճոն Քե­րի, որ վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Գա­հի­րէ, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ Ե­գիպ­տո­սի Նա­խա­գահ Ապ­տիւլ­ֆեթ­թահ Էլ Սի­սիի հետ։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Ճոն Քերիի Գահիրէ այցելութեան ընթացքին յայտարարուած է, թէ ամերիկեան կողմը բաւ կը համարէ Եգիպտոսի դէմ գործադրուած զինամթերքի վաճառքի շրջափակումը եւ պիտի շարունակուին կողմերը գործարքները։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2015