ՄԱՐԳԱՐԻՏ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԴԱՓՆԵԿԻՐ
Ռուսաստանը ներկայացնող թենիսի արհեստավարժ մարզիկուհի Մարգարիտա Գասպարեան Կիրակի, Օգոստոս 2-ին խլած է Պաքուի մրցաշարքի տիտղոսը։ Գասպարեան, որ միջազգային դասաւորման մէջ կը գրաւէր 112-րդ դիրքը, աւարտականին 6-3, 5-7 եւ 6-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած է Փաթրիսիա Մարիա Թիկը (Ռումանիա), 2 ժամ եւ 29 վայրկեան տեւած մրցումէ մը ետք: Գասպարեան կիսաւարտականին պարտութեան մատնած էր մրցաշարքին մէջ երկրորդ դասուած եւ աշխարի թիւ 34-րդ մարզիկուհի՝ Քարին Նեփը (Իտալիա):
Այսպէսով, քսան տարեկան Գասպարեան ապահովեց 280 կէտ, ինչպէս նաեւ 43 հազար տոլար, բարձրանալով 71-րդ դիրք՝ առաջին անգամ մաս կազմելով աշխարի լաւագոյն հարիւր մարզիկուհիներու ցանկին։
Գասպարեան նաեւ շահած է նոյն մրցաշարքին զոյգերու տիտղոսը, իբրեւ խմբակից ունենալով Ալեքսանտրա Փանովան։ Յատկանշական է, որ Գասպարեան այս մրցաշարքէն առաջ բարձրագոյն դասակարգի մրցաշարքի մը մէջ մէկ մրցում իսկ չէր կրցած յաղթանակով աւարտել, սակայն ան լաւ տպաւորութիւն ձգած է Ուիմպըլտընի մրցաշարքին, ուր պարտուած էր առաջին դասուած Սերենա Ուիլըմզէն: