7.5 ԺԱՄ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Անգարայի մէջ համախոհական կառավարութիւն մը ձեւաւորելու ուղղեալ որոնումներու մթնոլորտին մէջ, երէկ, ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի սկզբնական տեսակցութիւններու հանգրուանը հասաւ իր աւարտին։ «Անգարա Փալաս» պետական հիւրատան մէջ 7.5 ժամ տեւեցին երկու կուսակցութիւններու պատուիրակութիւններուն քննարկումները։ Սա միջկուսակցական հանդիպումներուն հինգերորդն էր։ Հիմա պատուիրակութիւնները արդիւնքներուն կապակցութեամբ տեղեկագրեր պատրաստելով պիտի ներկայացնեն կուսակցապետներուն։ Այդ տուեալներու լոյսին տակ պիտի յստակենայ նաեւ այս գործընթացին ճակատագիրը։ Կուսակցապետներու դիրքորոշումներուն զուգահեռ պիտի ճշդուի, թէ միջկուսակցական բանակցութիւնները պիտի շարունակուին կամ ոչ։ Եթէ ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի ղեկավարութիւնները համոզուին, թէ բաւարար ու գոհացուցիչ համաձայնութեան դաշտ մը ստեղծուած է, ապա պիտի շարունակեն այդ ճանապարհը։
Էօմէր Չելիք, որ ԱՔ կուսակցութեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր, նշեց, թէ փոխադարձ յարգանքի ծիրին մէջ ՃՀՓ-ի հետ քննարկած են բոլոր խնդիրները։ Ըստ իրեն, արծարծուած են նաեւ այն նիւթերը, որոնց շուրջ երկու կուսակցութիւններուն համաձայնութեան հասնիլը անկարելի է։ Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը այսօրուընէ սկսեալ պատրաստ է արդիւնքներու վերաբերեալ զեկուցման, սակայն ժամանակացոյցը պիտի ճշդուի Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի կողմէ։
Իր կարգին, ՃՀՓ-ի պատուիրակութիւնը գլխաւորած Հալուք Քոչ նշեց, թէ կարգ մը նիւթերու շուրջ գոյութիւն ունին հիմնական տարակարծութիւններ, այլ նիւթերու պարագային ալ կը համընկնին կողմերու մօտեցումները։ Ըստ իրեն, աշխատանք տարուած է՝ որպէսզի այս նուրբ օրերուն երկիրը առանց կառավարութեան չթողելու խմորումները կատարուին։ Յառաջիկայ շրջանին այլեւս կուսակցապետներուն հետ պիտի որոշուի մնացեալը։
Անգարայէ հասած լուրերուն համաձայն, եթէ համախոհական կառավարութեան մը ձեւաւորման ուղղութեամբ մթնոլորտ մը ստեղծուի, ապա կուսակցապետները պիտի մէկտեղուին այս շաբթուան մէջ, Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի ժողովներու աւարտին։
Փոխ-վարչապետ Պիւլենտ Արընչ յայտարարեց, թէ եթէ ՃՀՓ-ի հետ արդիւնքի մը հասնիլ հնարաւոր չըլլայ, ապա ԱՔ կուսակցութիւնը պիտի ուղղուի դէպի ՄՀՓ։