ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ

Եւ­րո­խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Թոր­պիորն Եակ­լանտ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ան յայ­տա­րա­րեց, որ իր այ­ցե­լու­թեան նպա­տակն է՝ յստա­կօ­րէն ցու­ցա­բե­րել ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւնն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ի նպաստ թրքա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն։ Եակ­լանտ այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ըն­դու­նուե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ։ Ան տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Իս­մա­յիլ Քահ­րա­մա­նի, Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի կող­մէ։ Այ­սօր ալ Եւ­րո­խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը կը մէկ­տե­ղուի ընդ­դի­մա­դիր ղե­կա­վար­նե­րու հետ։

15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ Եւ­րո­պա­յէն դէ­պի Թուր­քիա ա­ռա­ջին բարձր մա­կար­դա­կի այ­ցե­լու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցաւ այս մէ­կը։ Եակ­լանտ նշեց, թէ պե­տա­կան յե­ղաշրջ­ման փոր­ձը ա­նըն­դու­նե­լի է ու պէտք է պա­խա­րա­կուի շատ ծանր ձե­ւով։ Ըստ ի­րեն, պէտք է յայտ­նա­բե­րել, թէ ձա­խող պե­տա­կան հա­րուա­ծի ե­տին ով­քե՛ր եւ ինչ­պի­սի՛ գաղտ­նի ցան­ցի կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նէր։ Իր խօս­քե­րով՝ Եւ­րո­պա յստա­կօ­րէն չէ ըմբռ­նած այս կա­ռոյ­ցը, ո­րու պա­րա­գա­յին ի­րենք տե­ղեակ կը պա­հուէին եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր։ «Այս պատ­ճա­ռով կը տես­նենք, թէ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն ներս պէտք է եր­թալ զտու­մի մը։ Բայց, շատ կա­րե­ւոր է, որ նման գոր­ծըն­թաց­նե­րը յա­ռաջ տա­րուին ի­րա­ւուն­քի գե­րա­կա­յու­թեամբ, Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց հա­մա­ձայ­նու­թեան եւ Եւ­րո­պա­յի Մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նի նա­խըն­թաց­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան», ը­սաւ Եակ­լանտ։

Եւ­րո­խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը յի­շե­ցուց, որ ինք գտնուած էր զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձը ա­ռա­ջին պա­խա­րա­կող­նե­րու շար­քին։ «Նախ­քան կէս գի­շե­րը, երբ տա­կա­ւին յայտ­նի չէր, թէ այդ փոր­ձը ո­րո՛ւ ի նպաստ պի­տի ա­ւար­տի, իմ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան նախզ­գա­ցում­նե­րով մտա­ծե­ցի, թէ սա փու­թով պէտք է պա­խա­րա­կուի եւ այդ բա­նը գոր­ծադ­րե­ցի։ Ար­դա­րեւ, ան­կեղ­ծօ­րէն հա­մո­զուած եմ, թէ ո­րե­ւէ ձե­ւով զի­նուո­րա­կան մի­ջոց­նե­րով ան­կա­րե­լի է ձեռք ան­ցը­նել ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը։ Ղե­կա­վա­րու­թեան կա­րե­լի է հաս­նիլ միայն քուէ­նե­րու, ընտ­րու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ», ը­սաւ Եակ­լանտ եւ ա­ւել­ցուց, թէ Թուր­քիոյ մէջ խորհր­դա­րա­նի եւ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ժո­ղո­վուր­դին հետ միա­սին պե­տա­կան հա­րուա­ծի փոր­ձին դէմ ցու­ցադ­րուած դի­մադ­րու­թեան ա­կա­նա­տես ըլ­լա­լը խո­րա­պէս տպա­ւո­րիչ է։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 4, 2016