ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Օգոստոսի 10-ին աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Մոսկուա, ուր նախատեսուած է իր հանդիպումը Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բարձր մակարդակի բանակցութիւններու ընթացքին կը նախատեսուի քննարկումը ռազմավարական երկու գործընկեր պետութիւններու միջեւ շարք մը ոլորտներէ ներս՝ քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մարդասիրական խնդիրներու։ Նախագահները կանգ պիտի առնեն նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգի առանցքային հարցերուն, ինչպէս նաեւ Եւրոասիոյ տարածքէն ներս համարկման գործընթացներու զարգացման խնդիրներուն վրայ։ Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին կարծիքներ պիտի փոխանակեն նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային շարք մը արդի խնդիրներու շուրջ։
Յառաջիկայ օրերուն Վլատիմիր Փութին իրերայաջորդ շփումներ պիտի ունենայ տարածքաշրջանի յառաջատար երկիրներու ղեկավարներուն հետ։ Օգոստոսի 9-ին Պաքուի մէջ ան պիտի մասնակցի եռակողմանի հանդիպման՝ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Օր մը վերջ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ան պիտի հիւրընկալէ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանը։ Այդ բոլորէն վերջ է, որ Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սարգսեան-Փութին տեսակցութիւնը։
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս յառաջխաղացում արձանագրելու նպատակով Վլատիմիր Փութին խտացուցած էր իր ջանքերը՝ Ապրիլի սկիզբին ապրուած քառօրեայ պատերազմէն վերջ։ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ այդ դէպքերէն վերջ նախ տեսակցած էին Վիեննայի, ապա Սեն Փեթերսպուրկի մէջ։ Սեն Փեթերսպուրկի հանդիպման միջնորդն ու մասնակիցն էր Փութին։ Աւելի վերջ միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներուն շրջագծով հաւանական կը դասուէր այս ամիս դարձեալ Փութինի միջնորդութեամբ Սարգսեան-Ալիեւ նոր հանդիպման մը կազմակերպումը։ Ընթացքին տեղի ունեցած էին նաեւ իրադարձութիւններ, որոնց հիման վրայ մեկնաբաններ կը մատնանշէին, թէ Ռուսաստան կը փորձէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին ներգրաւել նաեւ Թուրքիան։ Առայժմ, Սարգսեան-Ալիեւ նոր հանդիպման մը շուրջ տեղեկութիւններ չկան։ Հայաստանեան աղբիւրները կը հաղորդեն, որ երկրի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն բերումով այդ տեսակցութիւնը յետաձգուած է։ Յամենայնդէպս, ակնյայտ է, որ տարածքաշրջանի յառաջատար դերակատարներուն մասնակցութեամբ յառաջիկայ օրերուն վերստին պիտի քննարկուի Արցախի հիմնախնդիրը։ Հանդիպումներէն ոմանց ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Ալիեւ։ Սարգսեան-Փութին մօտալուտ տեսակցութիւնն ալ մաս պիտի կազմէ նոյնինքն այս դիւանագիտական երթեւեկին։