ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Կը հաղորդուի, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին նախարարները կարծիքներ փոխանակած են երկկողմանի յարաբերութիւններու զանազան ոլորտներուն շուրջ։
Չավուշօղլու-Մամէտեարով հեռախօսազրոյցը զուգադիպած է հետաքրքրական ժամանակաշրջանի մը։ Արդարեւ, Օգոստոսի 8-ին Պաքուի մէջ նախատեսուած է Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումը։ Օր մը վերջ ալ Օգոստոսի 9-ին՝ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հանդիպումը՝ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Այս խտացեալ երթեւկին ընդառաջ տեղի ունեցաւ Չավուշօղլու-Մամէտեարով հեռախօսազրոյցը։ Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին շաբաթներուն Չավուշօղլու յայտարարած էր նաեւ, թէ Անգարա կողմնակից է Թուրքիա-Ատրպէյճան-Ռուսաստան ձեւաչափով եռակողմանի համագործակցութեան։ Ըստ իրեն, տարածքաշրջանէ ներս նոր նախագիծերու իրականացումով, մասնաւորապէս «Նոր մետաքսի ճանապարհ»ը, հնարաւորութիւն պիտի ընձեռեն՝ որպէսզի Ատրպէյճան դառնայ տարանցիկ կեդրոն մը։ Այդ նախագիծերու կեանքի կոչման համար Անգարա եւ Պաքու մտադիր են համագործակցիլ ոչ միայն երկկողմանի, այլ նաեւ ուրիշ երկիրներու հետ եռակողմանի ձեւաչափով։ «Մանաւանդ, մենք կ՚ուզենք ձեւաւորել Ատրպէյճան-Թուրքիա-Ղազախիստան եռակողմանի ձեւաչափը։ Կը կարծեմ, որ հնարաւոր է նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Ռուսաստան եռակողմանի համագործակցութեան ձեւաչափը», ըսած է Չավուշօղլու։